ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան հայրենիքը պէտք չէ պատերազմի, քանդումի եւ սպանութեան մէջ ներքաշուի այնպիսի հարցերու համար, որոնք ոչ մէկ կապ ունին լիբանանցիներուն հետ: «Այնքան ատեն որ Լիբանանի հանրապետութիւնը նախագահ չունի, ապա երկրին մէջ քաոսը պիտի տարածուի եւ պետութիւնը պիտի տկարանայ, օրինազանցութիւնները պիտի բազմանան, իսկ անիրաւութիւնը պիտի պարտադրէ ինքզինք», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու քայլերը դատապարտելի են, որովհետեւ անոնք կ՛ուշացնեն Լիբանանի փրկութիւնը: «Արդեօք լիբանանցիներուն մէկ շերտը կրնա՞յ որոշել բոլորին փոխարէն», հարց տուաւ ան:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա կոչ ուղղեց ազգային երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ այնպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք կ՛արդիւնաւորուին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ: «Հայրենիքին շահերը կարելի է ապահովել սահմանադրութիւնը յարգելով եւ քաղաքական գործնական քայլերու ընդմէջէն», հաստատեց ան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպը, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Կազայի բնակչութեան` դիմադրելով թշնամի Իսրայէլին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Իսրայէլի դէմ լուրջ ճնշումներ բանեցնելու, որպէսզի ան կասեցնէ Կազայի դէմ պատերազմը եւ վերջ տայ Լիբանանի դէմ պատերազմը ընդարձակելու իր միտումին: Ներքին լիբանանեան առումով Ժոմպլաթ ընդգծեց լիբանանեան ներքին երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ զարմանք յայտնեց ոմանց կողմէ առաջադրուած այն նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք նման են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան, այլ խօսքով` անոնք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի իրերայաջորդ նիստեր չեն երաշխաւորեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն, որ Իսրայէլ մեծագոյն սխալը գործէ, որպէսզի սիոնական գոյացութեան ճակատագիրը վերացումի ենթարկեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ ընդարձակ պատերազմի մը մէջ ներքաշուելու իմաստով Լիբանան շահ մը չունի, «սակայն մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել մեր հայրենիքը», ըսաւ ան:
ԱԶԳԱՅԻՆ հաւասարակշռութիւն պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց լաւատեսութեամբ զինուելու` լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերը լուծելու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ռաէտ Պըրրօ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը իմաստուն է եւ քաջ ու բաւարարաչափ ուժեղ է սիոնական թշնամին հեռացնելու եւ Լիբանանը պաշտպանելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան` ամրապնդելու համար ներքին լիբանանեան ուժականութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի է պաշտպանել բանակն ու Դիմադրութիւնը եւ ընդդիմանալ թշնամիին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ տակաւին Դիմադրութիւնը իր ունեցած ուժին 5 առ հարիւրը օգտագործած է թշնամի Իսրայէլի դէմ:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Կազայի պատերազմը փաստած է, թէ ոչ մէկ իրաւունք կարելի է պահպանել, առանց զայն պաշտպանելու եւ Դիմադրութեամբ իրաւունքին տէր կանգնելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու այդ թղթածրարը լուծելու միջոցները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջուի ջնջել պետական փաստաթուղթերուն վրայ պարտադրուած դրոշմաթուղթի գործածութիւնը` իբրեւ բարեկարգում տիրող կացութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու են Կազայի մէջ թափուած արեան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը թշնամի Իսրայէլը մտահոգութեան օղակին մէջ կը պահէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ իրենք դէմ յանդիման կը գտնուին այնպիսի գոյացութեան մը, որ քանդել գիտէ եւ ոչ թէ պատերազմիլ, «իսկ ճակատամարտերուն աւարտը պատերազմելով եւ կռուելով կը ճշդուի», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին եւ Աքքարի Նուրա ու Հըքըրժնին գիւղաքաղաքներուն մէջ կատարած է ներխուժումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կրցած է գրաւել մեծ քանակով զէնք, զինամթերք եւ թմրեցուցիչ: