Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ շրջանին մէջ իրադարձութիւնները զարգացում կ՛արձանագրեն, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահը այսօր պէտք է ընտրել:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի որեւէ ջանքի, որ առիթ կու տայ համախոհութեան եւ համաձայնութեան` նախագահական ընտրութիւնը դիւրացնելու:
Համախոհութեան գոյացման եւ խորհրդարանի երկու երրորդին օրինաթիւի ապահովման պարագային, Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրելու:
«Միւս կողմէ, մենք եւ Հըզպալլա առաջին օրէն իսկ հաստատեցինք, որ կը մերժենք թշնամի Իսրայէլի հետ պատերազմը` աւեցնելով, որ Հըզպալլա բախման կանոնները չէ խախտած եւ կը շարունակէ թիրախ դարձնել իսրայէլեան զինուորական դիրքերն ու կեդրոնները, մինչդեռ Իսրայէլ կը ռմբակոծէ լիբանանեան գիւղաքաղաքները` թիրախ դարձնելով քաղաքայիններն ու փրկարար աշխատանքի եւ շտապ օգնութեան անձնակազմերը, ինչպէս նաեւ ֆոսֆորային հրթիռներով կը հրկիզէ լիբանանեան հողը` ծառերն ու անտառները, ինչ որ կը բացայայտէ պատերազմի օղակը ընդարձակելու անոր միտումները:
Իսրայէլ իր այս վայրագութեամբ եւ բռնարարքներով ոչ միայն Հըզպալլան պատերազմի մէջ կը ներքաշէ, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանը կը մղէ դիմադրելու եւ երկիրը պաշտպանելու», հաստատեց Պըրրի:


