Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին իր մասնակցութիւնը բերաւ արտասանելով Լիբանանի խօսքը:
«Միջին Արեւելքի մէջ մնայուն խաղաղութիւն» խորագիրով այս ֆորումին ընթացքին Պու Հապիպ ընդգծեց, որ եթէ Արեւմուտքը վերջ տայ Իսրայէլի զինումին, ապա պատերազմը վերջ կը գտնէ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանը քանդելու իմաստով ամէնօրեայ դրութեամբ ուղղուող իսրայէլեան սպառնալիքներուն` վերահաստատելով, որ Լիբանան կայունութեան կը ձգտի, եւ կոչ ուղղեց Իսրայէլին վերջ տալու 75 տարուան պատերազմի փորձառութեան:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն Իսրայէլի նահանջը, միջազգային սահմանագիծը յարգելն ու օրական դրութեամբ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները կասեցնելը բոլորին համար կայունութիւն կ՛իրականացնէ:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է անուղղակի բանակցութիւններու, որովհետեւ անոր դիմաց գտնուող այլընտրանքը` պատերազմի ընդարձակման եւ շրջանային հակամարտութեան վերածման վտանգն է: