Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 5000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.652.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.690.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.442.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը` 811.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշին, որ դրուատեց ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուող ապահովական ծրագիրը: Ան շեշտեց, որ այդ քայլերը կ՛ամրապնդեն երկրին գերիշխանութիւնը եւ պետութեան ուժեղացումը` իր որոշումները գործադրելու առումով:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտը, Ըսթֆեն Տուէյհին եւ նախկին երեսփոխան Զահեր Խաթիպը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ կառավարութենէն պահանջեց տեղեկութիւններ ներկայացնել` երկրին նիւթական իրավիճակին եւ 7 հոկտեմբերէն ի վեր հարաւային Լիբանանի խորհուրդին տրամադրած օժանդակութիւններուն մասին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իր պատկանած պլոքը պիտի առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը` նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լուծելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը ողջունելի են, այնքան ատեն որ անոնք սահմանադրական գործիքակազմին հետ ոչ մէկ կապ ունին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ոչ մէկ ձեւով պէտք է առնչել հարաւային Լիբանանի ճակատին բախումներուն հետ: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութեան հարցով խորհրդարանի նախագահին հետ երկխօսութեան հրաւէրին պատրաստ են ընդառաջելու:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Ալճերիոյ Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուցած Ռաֆահի Վերաբերեալ Բանաձեւը Հաւասարակշռուած Չէ»

Յաջորդը

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց Բջիջային Հեռաձայնի Հաղորդակցութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.