Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Պէյրութի Մէջ. Պըրրի Վերստին Կոչ Ուղղեց Առանց Նախապայմանի Միջլիբանանեան Երկխօսութեան` Ընտրելու Համար Հանրապետութեան Նախագահը

Մայիս 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան նախանցեալ օր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան զոյգ պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ:

Երէկ կէսօրին Լը Տըրիան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, Պըրրիի խորհրդատու Մահմուտ Պըրրիի եւ տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ վերջերս Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ճիգերուն եւ անոր յատուկ պատուիրակին Պէյրութ այցելութեան համար:

Ան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու իմաստով իր առաջադրած նախաձեռնութեան:

Ան վերստին կոչ ուղղեց առանց նախապայմանի միջլիբանանեան երկխօսութեան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Պըրրի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կամ խորհրդակցութիւնը պիտի ըլլայ միայն նախագահական ընտրութեան մասին, ապա պիտի ուղղուին խորհրդարանի հիմնական դահլիճը իրերայաջորդ նիստերով ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը` նկատի ունենալով շարք մը թեկնածուներ:

Վարչապետարանին Մէջ

Լը Տըրիան այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Մակրօ եւ Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհաս ու Պութրոս Ասաքեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը:

Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն:

Դրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին սերտօրէն քննարկուեցան  շրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները, պաղեստինեան եւ լիբանանեան զինուորական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելու համար ի գործ դրուող ֆրանսական ճիգերը:

Լը Տըրիան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայ ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ:

Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող ֆրանսական ջանքերուն վերջին զարգացումները:

Նշենք, որ Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Հարեթ Հըրէյք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Եւ Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 106-Ամեակի Տօնակատարութիւն` «Ահա՛ Զանգը Տաւուշէն» Խորագիրով

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?