Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ԻՍԼԱՄ հոգեւոր պետերու խորհուրդը շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Ժողովը ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու կարեւորութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «Հայրենիքի վերանորոգում» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան վերածուած է քաոսի մը` աւելցնելով, որ պահանջուած է հանրապետութեան նախագահ մը, որ վերջ կրնայ տալ այս կամ այն երկրին կամակատարը ըլլալու եւ օրինականութիւնը խոցելու բոլոր փորձերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ձերբակալած է 8 քաղաքայիններ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին կը զօրակցին եւ գործած են բազմաթիւ ոճիրներ, որոնցմէ մէկը բանակի դիրքերէն եւ զօրանոցներէն մէկը լուսանկարելն է` անոր դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու նպատակով: Բանակը ձերբակալեալ յանցագործներն ու  անոնցմէ գրաւուած իրերը յանձնեց համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը միտի դադրեցնել կառավարութեան մաս կազմելու իր պարտականութիւնը եւ իր պաշտօնը յանձնել ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի: Շարաֆէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը աշխատանքները խանգարելու կառավարութիւն մըն է` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով Լիբանանին Եւրոպական Միութեան տուած օժանդակութիւնը` մէկ միլիառ եւրոն, կաշառք է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Սուրիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ ջուրի պաշարներու նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի հետ: Պիտի քննարկուին Ասի եւ Քապիր գետերուն վերաբերող համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանին նման է: Ան կոչ ուղղեց երկխօսութեան` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու նպատակով:

Նախորդը

Տոհա, Գահիրէ Եւ Ուաշինկթըն Համասին Եւ Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղեն` Կնքելու Պայտընի Ճշդած Սկզբունքներուն Հիմամբ Համաձայնութիւն Մը

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դրուատէ Կազայի Մէջ Պատերազմը Կասեցնելու Մասին Պայտընի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.