Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէ Այցելելէ Ետք. «Համաձայնեցանք, Որ Փոխհասկացողութիւնը Ընտրութենէն Աւելի Լաւ Է, Եւ Կարեւորագոյնը Ընտրութեան Ապահովման Կողքին Իշխանութեան Յաջողութիւնը Ապահովելն Է» Կ՛ըսէ Պասիլ

Յունիս 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց. «Անդրադարձ կատարուեցաւ անհրաժեշտ օրէնսդրութիւններուն եւ զանոնք քննարկելու կարեւորութեան, եւ յայտնեցինք, որ նախագահի ընտրութեան թղթածրարը չենք կապեր հարաւային Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններուն»:

«Համաձայնեցանք, որ փոխհասկացողութիւնը ընտրութենէն շատ աւելի լաւ է, եւ կարեւորագոյնը ընտրութեան ապահովման կողքին իշխանութեան յաջողութեան ապահովումն է», նշեց Պասիլ` աւելցնելով. «Նախաձեռնութիւն չեմ բերած, եւ ատիկա գործս չէ: Սակայն կը ջանանք բոլորին հետ աշխատիլ սահմանադրական գործընթացը կատարելու»:

«Պէտք չէ նախագահի ընտրութիւնը Կազայի եւ հարաւի իրադարձութիւններուն կապել, եւ չկայ արտաքին լուծում մը, որ ներքին մակարդակի վրայ նախագահի ընտրութեան պիտի յանգեցնէ: Ան որ լուծումին կը սպասէ, եւ կ՛ըսէ, թէ անիկա մօտալուտ է կամ հեռու է, այդ սպասումը ողջախոհ չէ եւ մտածուած չէ»:

Ան այդպիսով կը պատասխանէր Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին, որ կիրակի երեկոյեան յայտարարած էր. «Ամենայն հաւատքով քրիստոնեաներուն եւ լիբանանցիներուն կ՛ըսեմ, որ լուծումը կու գայ, եւ արդէն շատ մօտ է, եւ պէտք չկայ վախնալու եւ յուսահատելու»:

«Պըրրիի հետ անդրադարձայ անհրաժեշտ օրէնսդրութիւններուն եւ անոր կոչ ուղղեցի` գաղթականներուն վերաբերող օրէնքներուն շուրջ յատուկ նիստ գումարելու», ըսաւ Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավարը:

Հակադարձելով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին` Պասիլ աւելցուց. «Ան որ ինքզինք կամ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահահը նախագահի թեկնածու կ՛ուզէ առաջադրել, կ՛ուզէք, որ ճիշդ հաշուել գիտնայ, եւ գիտնայ, թէ ո՛վ առաջինն է: Մէկ հատ (հաշուել չգիտցող, «Ա.») ունէինք, եղան երկու»:

Իր նախապէս առաջարկած քրիստոնէական շրջանակին մէջ հզօրագոյնը ընտրելու սկզբունքին վերաբերեալ պատասխանելով Ֆրենժիէին` ան ըսաւ. «Ճիշդ է ատիկա նախապէս առաջարկեցինք, սակայն ան համաձայն չգտնուեցաւ, ուստի ինչո՞ւ հիմա համաձայն է բանի մը, որ նախապէս մերժած էր»:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ իր կարգին հակադարձելով Ֆրենժիէին յայտնեց. «Ֆրենժիէին կ՛առաջարկեմ փոխանակ բոլորս թեկնածու առաջադրուելու, բոլորս մեր թեկնածութիւնները յետս կոչենք, որովհետեւ ան կողմ է, մենք կողմ ենք, Ժահժահը կողմ է, Պասիլը կողմ է, եւ մենք բոլորը միաւորող անձի մը պէտք ունինք»:

Նախորդը

Հըզպալլան Իսրայէլեան Կարեւոր Թիրախներ Հարուածեց Եւ Վար Առաւ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Յաջորդը

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?