Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ իր հանդիպումի ընթացքին արծարծեց ընդհանուր կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ այլ նորութիւններ:
Պըրրի ընդունեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային բաժանմունքի նախագահի ընդհանուր քարտուղար Տակ Եուհլինն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորի, եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Կազայի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն շարունակութեան լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Շուէտի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրի նաեւ խորհրդական Մահմուտ Պըրրիի ներկայութեամբ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքական զարգացումներն ու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:


