Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսատի Նախկին Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ «Իսրայէլէն Աւելի Լաւ Մարտավարական Հետախուզութիւն Ունեցող» Հըզպալլայի Հետ Պատերազմէն

June 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի եւ անոր գործողութիւններու նախկին ղեկավար Հայիմ Թոմր յայտնեց. «Հըզպալլան ստեղծեց սպառնալիք մը, որ չէինք երեւակայեր, եւ իսրայէլեան բանակը անոր որեւէ հակադարձութիւն չունի»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը:

«Իսրայէլեան օդուժը այլեւս Լիբանանի վերեւ աշխատելու ազատ չէ», ըսաւ ան` նշելով. «Հըզպալլան Իսրայէլէն աւելի լաւ կամ առնուազն անկէ ոչ նուազ մարտավարական հետախուզութիւն ունի»:

«Հըզպալլայի հետ լայնածաւալ պատերազմ մը պիտի սահմանափակէ Իսրայէլի` իբրեւ պետութիւն գործելու կարողութիւնը», շեշտեց Թոմր:

«Համապարփակ պատերազմը Իսրայէլի սիոնական տեսլականին դէմ սպառնալիք կը ներկայացնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ պատերազմ ծագի, ապա Հըզպալլայի հրթիռները պիտի անդամալուծեն Իսրայէլը, ներառեալ «Պեն Կորիոն» օդակայանն ու Հայֆան»:

«Լայնածաւալ պատերազմով Աքքայի, Հայֆայի, Թապարայայի եւ թերեւս Թել Աւիւի ճակատագիրը Քիրիաթ Շմոնայի պէս պիտի ըլլայ», նշեց Մոսատի նախկին ղեկավարը` աւելցնելով. «Հըզպալլան ունի թիրախահար հրթիռներ, որոնք կրնան երկվայրկեաններու մէջ պայթեցնել իսրայէլեան կազի դաշտահանքերը»:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը 8 յունիսին յայտնեց. «Հըզպալլան երէկ գիշեր Մարժ պըն Ամերի դէմ 40 քիլոմեթր հեռաւորութենէ անօդաչու թռչող սարք արձակեց, եւ օդային պաշտպանութեան համակարգերը չկրցան զայն վնասազերծել»:

Նախորդը

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

Յաջորդը

Ըստ ԱՖՓ-ի. Ամերիկեան Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակումի Հարցով Կալանաւորուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 20-ի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.