Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանին վրայ կացութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ, եւ սահմանային շրջանին մէջ լարուածութեան ընդլայնման կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի:
Թինընթի նշեց, որ իրենք աւելի ընդարձակ տագնապէ խուսափելու համար լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ իսրայէլեան բանակին հետ հաղորդակցութեան կապեր ունին:
Ան շեշտեց, որ տագնապին ընդլայնումը ոչ միայն Լիբանանի համար աղէտ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբերը յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը ներկայ կացութեան կարգաւորման համար նախկինէն աւելի մեծ դեր կը ստանձնէ:


