Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:
Պասիլ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ոմանք կրնան ըսել, որ Պասիլը օգնութիւն կ՛ուզէ եւ ժամադրութիւն կը խնդրէ, եւ իրեն պիտի չտանք. հարցը այդ չէ: Բոլորին հետ կապ պիտի հաստատենք` ներկայացնելու որոշակի գաղափարներու փաստաթուղթ մը, որուն եթէ յանձնառու դառնանք, (նախագահի) ընտրութեան իրողական նիստերու լուրջ առիթ պիտի ունենանք: Վախը նոր ընդունուած կարգերէն չէ, որովհետեւ զանոնք կը տապալենք ընդունուած կարգ չնկատելով. ամէնէն վտանգաւորը ընդունուած կարգը նախագահական թափուր աթոռը թեթեւի առնելն է: Յամենայն դէպս, ժողովրդավարական մրցակցութիւնը թափուր աթոռէն լաւ է, եւ պէտք է նախագահի ընտրութեան թղթածրարը անջատել արտաքին կամ ներքին որեւէ այլ տուեալէ»:
«Ձեւականութիւնները մեկդի ձգենք: Եթէ իրերայաջորդ նիստերէն երաշխաւորուած արդիւնք կայ, պէտք է դիւրացնենք եւ ոչ թէ դժուարացնենք: Գոյութիւն ունին երկու խումբեր, որոնք կը խոչընդոտեն: Պէտք է պատրուակներէն հրաժարիլ, եւ առնչակից ուժերուն, նախ եւ առաջ քրիստոնեաներուն նոր կոչ կ՛ուղղեմ` իրենց դիրքորոշումը միաւորելու: 7 հոկտեմբերէն ետք քայլի դիմեցինք, եւ տեսանք, որ ներկայ փուլին պէտք է նոր նախաձեռնութիւններ ըլլան: Ուստի ջանք կը թափենք համաձայնական նախագահի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու` հիմնուելով երկու պայմաններու վրայ` պետութիւնը կառուցել եւ Լիբանանը պաշտպանել: Այդ (համաձայնական թեկնածու ըլլալու ատակ) անձերը կան, եթէ իրապէս կ՛ուզենք նախագահ ընտրել», ըսաւ ան:
«Մեր նախաձեռնութիւնը պատրիարքարանէն կը սկսինք, ինչ որ բնական է: Երկու տարի առաջ Տիմանի (մարոնիներու պատրիարքի ամառնային նստավայր, «Ա.») մէջ կանխած էինք թափուր աթոռի դրութիւնը, եւ Ռայի պատրիարքին ըսած, որ (նախագահի ընտրութիւնը) դիւրացնելու համար թեկնածու չենք, եւ անկէ խնդրեցի մեզ իբրեւ քրիստոնեաներ միացնել, որպէսզի նախաձեռնող ըլլանք, եւ ոչ թէ` հակազդող, սակայն մնացեալ կողմերը չընդառաջեցին», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:
«Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութեան առաջադրման ժամանակ Ռայի պատրիարքին ըսի, որ եթէ նիստը խոչընդոտեն եւ թափուր աթոռի դրութիւնը շարունակուի, պէտք է յաջորդող օրուան ծրագիր ունենանք», ըսաւ Պասիլ:


