Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Սպառնացած Է «Պեն Կորիոն» Օդակայանը Հրթիռակոծել, Եթէ Իսրայէլ Պէյրութի Օդակայանին Վրայ Յարձակում Գործէ

Յուլիս 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Հըզպալլան ամերիկացիներուն ճամբով Իսրայէլին սպառնացած է, որ եթէ Պէյրութի օդակայանը ռմբակոծէ, ապա կուսակցութիւնը պիտի հակադարձէ հարուածելով Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանը:

Աղբիւրը նշած է, որ Թեհրան Հըզպալլային արտօնութիւն տուած է այդ յարձակումին մէջ օգտագործելու զէնքեր, որոնք պէտք չէր բացայայտել:

Աղբիւրը ըսած է, որ Հըզպալլայի տասնեակներով ծանր հրթիռներ քանի մը օրէ ի վեր լարուած են «Պեն Կորիոն»-ի մէջ տարբեր կէտերու դէմ, եւ կուսակցութիւնը բաւարար կարելիութիւնը ունի քանդելու կամ անգործութեան մատնելու իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն աղբիւրը քուէյթեան օրաթերթին նաեւ յայտնած է, որ Թեհրան, Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան մագլցումի ցուցանիշ եղող քայլով մը, 3 ամիս առաջ Իրանի օդանաւային ընկերութեան դէպի Պէյրութ շաբաթական 4 թռիչքները նուազեցուցած է 2-ի, իսկ «Մահան» օդանաւային ընկերութեան թռիչքները` 2-էն 1-ի` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Իսրայէլ կրնայ իրանեան օդանաւերը թիրախաւորել այն պատրուակով, որ անոնք Հըզպալլային ուղղուած զէնքեր կը պարունակեն:

Աղբիւրը հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլան կամ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Պէյրութի օդակայանին մէջ զէնքեր կը պահեստաւորեն` նշելով, որ պահակագունդը միջազգային օդակայանը կուսակցութեան զէնք փոխադրելու համար չ՛օգտագործեր, որովհետեւ օդակայանը անվտանգութեան առումով խոցելի է եւ լրտեսներու համար հասանելի:

Ան նշած է, թէ բոլոր անոնք, որոնք Պէյրութի օդակայանի վիճակին ծանօթ են, լաւապէս գիտեն, որ այդ վայրը որեւէ զէնք պահելու յարմար վայր չէ:

«Իրանեան զէնքերուն կուսակցութեան փոխանցումը կը կատարուի այլ ճամբաներով, որոնք ապահով են եւ թշնամիներէն ոչ բացայայտուած», շեշտած է աղբիւրը:

Նախորդը

«Պատերազմին Լիբանանի Մէջ Տարածուելուն Վտանգով Մեծապէս Մտահոգ Ենք» Կ՛ըսէ Պըն Ֆարհան

Յաջորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?