– ԻՐԱՆԻ նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի շնորհաւորական նամակին ի պատասխան յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը միշտ աջակցած է շրջանի ժողովուրդներուն սիոնական ապօրինի գոյացութեան դէմ դիմադրութեան: Դիմադրութեան աջակցիլը արմատացած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնարար քաղաքականութեան մէջ, եւ երջանկայիշատակ իմամի օրինակին ու յեղափոխութեան ղեկավարի ցուցմունքներուն հիմամբ ուժեղ կերպով պիտի շարունակուի»: «Ես վստահ եմ, որ շրջանին մէջ Դիմադրութեան շարժումները գոյացութեան (Իսրայէլի, «Ա.») պիտի չարտօնեն անիրաւուած պաղեստինցի ժողովուրդին ու շրջանի միւս ժողովուրդներուն դէմ իր սադրիչ ու ոճրային քաղաքականութիւնը շարունակել», նշեց Փեզեշքեան:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ քննարկեց Կապոյտ գիծի երկայնքին տիրող կացութիւնը, լիբանանեան բանակին ու միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հարցը: Միքաթի զօր. Լազարոյի հետ նաեւ քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան վերաբերեալ այն զեկուցումը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը կը պատրաստէ:
– 95 եւ 98 օքթան պենզիններուն սակերը բարձրացան 13000 լիբանանեան ոսկիով եւ յաջորդաբար հասան 1.645.000 լ.ո.-ի եւ 1.683.000 լ.ո.-ի, մազութի գինը` 8000 լիբանանեան ոսկիով եւ հասաւ 1.518.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին սակը բարձրացաւ 34000 լիբանանեան ոսկիով եւ հասաւ 890.000 լ.ո.-ի: