Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ շեշտեց. «Եթէ առեւանգուածներու վերադարձի լուծում գոյացնենք, ատիկա մեզի չի ստիպեր Հըզպալլայի հետ զինադադար հաստատել: Մենք աշխատանք կը տանինք նուազեցնելու թշնամիին գործելու կարողութիւնները, եւ բոլոր ճակատներուն վրայ այդ է, որ կը կատարենք»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի 450 անդամ սպաննեցինք, եւ ատիկա շատ կարեւոր է, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի զօրամասերու 15 հրամանատարներ եւ զօրախումբերու 3 հրամանատարներ սպաննեցինք», յայտարարեց Կալանթ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Մեր թշնամին, ըլլայ անիկա Կազայի կամ Լիբանանի մէջ, միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ, եւ պէտք է շարունակենք Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմաններուն վրայ պատրաստութիւնները»: