Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբական Լիկան Ուզեց Պատերազմին Եւ Նախագահական Թափուր Աթոռի Հարցին Պատճառով Հըզպալլայի Հետ Հաղորդակցիլ» Կ՛ըսէ Հուսամ Զաքի

July 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, դեսպան Հուսամ Զաքի «Հուրրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի վերաբերեալ իր նախկին կեցուածքը «քանի մը ոչ նպաստաւոր եւ անյաջող հանգամանքներ ունէր»:

Ան նշեց, որ կ՛ուզէ այդ կեցուածքը ամբողջովին շրջանցել, որովհետեւ այդ մասին տրուեցան շատ բացատրութիւններ եւ կատարուեցան վերլուծումներ, որոնք դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ կերպով իրականութենէն ու հարցերու առողջ վերլուծումէն շատ հեռու էին:

Զաքի ըսաւ, որ Արաբական լիկան երկարատեւ ընդհատումէ ետք ուզած է որոշ պայմաններու բերմամբ, մասնաւորաբար պատերազմին ու նախագահական թափուր աթոռի հարցին պատճառով հաղորդակցիլ Հըզպալլայի հետ, եւ այս շրջագիծին մէջ ինք հանդիպում ունեցած է Լիբանանի խորհրդարանին մէջ «Հըզպալլայի պլոքի (Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի, «Ա.») ղեկավար» Մոհամետ Ռաատի հետ:

«Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլան ահաբեկչական որակելուն կամ չորակելուն, ապա ատիկա լրատուական օրակարգին վրայ պարտադրուեցաւ եւ առաջնահերթութիւն չէր», ըսաւ Զախի:

Ան նշեց, որ յոյս կար եւ տակաւին յոյս կայ, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը դիւրացուի:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը հերքեց, թէ Հըզպալլային կոչ ուղղած է մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու` աւելցնելով, որ երեսփոխան Ռաատին փոխանցած է պատգամ մը, թէ պէտք է շատ զգուշ ըլլալ, որովհետեւ Արաբական լիկան պատերազմը ընդլայնելու իսրայէլեան մտադրութիւն կը նշմարէ, եւ այս զգուշացումը հիմնուած է Արաբական լիկայի գնահատականին ու տեղեկութիւններուն վրայ, եւ ոչ թէ` մէկ այլ կողմի գնահատականին:

«Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի համար պատերազմը կեղտոտ պատերազմ է, եւ կուսակցութիւնը կ՛ուզէ, որ անիկա որեւէ պահու դադրի, սակայն դիրքորոշումը յստակ է, ան հարաւային Լիբանանի ճակատը կը կապէ Կազայի ճակատին, եւ այդ հարցը նախայարձակ իսրայէլեան կողմին ձեռքն է», նշեց Զաքի:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի. «Տար Ֆաթուան Բոլոր Իսլամներն Ու Լիբանանցիները Կը Միաւորէ Եւ Ազգային Համաձայնութիւնն Ու Լիբանանի Կայունութիւնը Կը Նկատէ Կարեւոր»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.