Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օդակայանին Մէջ Ելեկտրականութեան Հոսանքը Քանի Մը Օրէն Պիտի Վերականգնի

July 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, անդրադառնալով Պէյրութի օդակայանին ելեկտրականութիւն ապահովելու հարցին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Անցեալ ամսուան եւ մասնաւորաբար անցեալ քանի մը օրուան ընթացքին իրաքցիներուն մօտ միջամտեցի, որպէսզի արտակարգ քայլ մը առնեն, մինչեւ որ Լիբանանի խորհրդարանն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար Ուասիմ Մանսուրին ամբողջացնեն գումարները Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան մէջ իրաքեան հաշիւին անցընելը»:

Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ շնորհիւ իր ջանքերուն, Իրաքի վարչապետը Իրաքի քարիւղի նախարարին եւ իրաքեան քարիւղի ՍՈՄՕ ընկերութեան նամակ գրած է` դիւրացնելու այժմ Իրաքի մէջ կանգ առած բեռնաւորման աշխատանքը, «ինչ որ այս ամսուան խնդիրը կը լուծէ»` աւելցնելով. «Ամէնէն ուշը վաղը (այսօր, «Ա.») պիտի արտօնուի այս բեռնաւորումը կատարել»:

Ան նշեց, որ Պէյրութի օդակայան ելեկտրականութեան հոսքը քանի մը օրէն պիտի վերականգնի, եւ օդակայանն ու լիբանանցիները ելեկտրականութենէ պիտի չզրկուին, իսկ յառաջացած խնդիրին պատճառը վճարումներն են, որոնք վերջին վայրկեանին կը կատարուին:

«Ժատիտ» հաղորդած էր, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի չկարենայ երկար ատեն շարժակներով աշխատիլ, եւ անոր պատասխանատուները ուժանիւթի նախարարութեան կոչ կ՛ուղղեն` շտապ կերպով լուծելու ելեկտրականութեան տագնապը:

Առնչակից աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ Կեդրոնական դրամատունը ուժանիւթի նախարարութեան մօտ քարիւղի պակսելուն հետ կապ չունի, եւ անհիմն են այն տարաձայնութիւնները, թէ արգելք կայ լիբանանեան թղթոսկիները տոլարի փոխելով Կեդրոնական դրամատան մօտ ընկերութեան հաշիւներուն մէջ տեղադրելու:

Աղբիւրները նշեցին, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը ամբողջական ազատութիւն ունի իր դրամատնային հաշիւը ուզածին պէս օգտագործելու, սակայն խնդիրը այն է, որ կ՛ուզէ իր պիւտճէէն կամ իր հաշիւին մէջ գտնուող գումարներէն աւելի ծախսել:

«Նաշրա» իմացած է, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար Ուասիմ Մանսուրի որեւէ պարագայի ձեռք պիտի չտայ պահեստի գումարին, առանց իրաւական հիմնաւորումի:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ երէկ ժամը 12:00-ին, Պէյրութի օդակայանի ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգնուած է:

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մօտ Քարիւղի
Պահեստը Շատ Սուր Կերպով Նուազած Է

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը հաղորդեց, որ ներկայիս ելեկտրականութիւնը կ՛արտադրուի միայն Զահրանի եւ Տեր Ամմար ելեկտրակայաններուն միջոցով, որոնք կը բանին ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարութեան քարիւղի ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ամսական դրութեամբ ապահովուող քարիւղին միջոցով:

Յունիսի համար քարիւղի ընդհանուր ծաւալի երկու մասերը հասած են Լիբանան, սակայն Կեդրոնական դրամատան, լիբանանեան կառավարութեան եւ իրաքեան կառավարութեան միջեւ ելեւմտական խնդիրի պատճառով չեն պարպուիր, ուստի այս կամքէ անկախ երեւոյթին եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան պատասխանատուութենէն դուրս եղող խնդիրին պատճառով ընկերութիւնը առ ի զգուշացում միայն ելեկտրականութիւն կը մատակարարէ Լիբանանի մէջ կենսական վայրերուն, ինչպէս օդակայանին, նաւահանգիստին, ջուրերու մղման մեքենաներուն, բանտերուն, Լիբանանեան համալսարանին եւ պետութեան մէջ հիմնական կառոյցներուն, որովհետեւ իր մօտ գտնուող քարիւղի պահեստը շատ սուր կերպով նուազած է:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

Յաջորդը

Կալանթ. «Կազայի Մէջ Գործարքի Գոյացումը Մեզի Չի Պարտաւորեցներ Հըզպալլայի Հետ Զինադադար Հաստատել»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.