Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ, ըստ եբրայական օրացոյցի` 7 հոկտեմբեր 2023-ին Իսրայէլի վրայ Համաս շարժումի շղթայազերծած յարձակումի միամեակին ոգեկոչման ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմի բոլոր նպատակները միայն զինուորական գործողութիւններով կարելի չէ իրագործել: Գերիները իրենց տուները վերադարձնելու համար մեր բարոյական պարտաւորութիւնը կատարելու համար պիտի ստիպուինք ցաւալի զիջումներ կատարել»:
«Հարաւի մէջ Համասը դադրեցաւ իբրեւ զինուորական կազմակերպութիւն գործելէ, իսկ հիւսիսի մէջ Հըզպալլան կը շարունակէ հարուածներ ստանալ, ոչնչացուեցաւ անոր ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ վնասազերծուեցաւ անոր հրթիռային զինանոցին մեծամասնութիւնը, եւ անոր ուժերը սահմանագիծէն նահանջեցին», յայտնեց Կալանթ: