Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ երկուշաբթի օր իր հանդիպումը «աւելի քան լուրջ էր, եւ դրական արդիւնքի յանգեցանք»` նշելով, որ իր այցելուին փոխանցած է յստակ պատգամ մը. «Զայն ամփոփեցի` ըսելով, որ կարեւորը արդիւնքն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ախպար» օրաթերթը:
«Պատգամին միտք բանին այն էր, որ Լիբանան կառչած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին, ինչպէս որ է, եւ որդեգրուած 2006 թուականին, առանց որեւէ փոփոխութեան, եւ առնչակից կողմերը անոր բոլոր կէտերը պէտք է գործադրեն: Ո՛չ յաւելում, ո՛չ բարեփոխում, ո՛չ ալ յաւելուածներ, այլ գործող որոշումը: Ես այսպէս կոչուած «առաւելը» չեմ ճանչնար, այլ` որոշումը ինչպէս որ է»:
Նշենք, որ Հոքշթայն Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին ակնարկած էր «1701+»-ի մասին` յայտնելով, որ թիւ 1701 որոշումը «բաւարար չէ»:
«Հոքշթայն ըսաւ, որ լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը պիտի փոխանցէ Իսրայէլին եւ քանի մը օր ետք իրեն հետ պատասխան պիտի բերէ», ըսաւ Պըրրի:
«Թերեւս իսրայէլացիները շտապեցին տալ իրենց պատասխանը, որ սկսաւ յաջորդ օրը (երեքշաբթի) մեզի հասնիլ: Այն, ինչ որ հարաւի մէջ ըրին, մասնաւորաբար Նապաթիէի մէջ, ամբողջ ընտանիքներու բնաջնջումը, հասնելով Թայյունէ, մեզի հասկցուց, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անհաւատալի է: Շէնքերը իրենց բնակիչներով միասին վար կ՛առնեն», ըսաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը:
«Այն մեքանիզմը, որ ըսուեցաւ, որ Հոքշթայն ուզած է քննարկել եւ վերատեսութեան ենթարկել, մեր գիտցածն է, 2006 թուականէն մինչեւ մօտիկ անցեալ որդեգրածը: Առաջին, երկրորդ, երրորդ, չորրորդ եւ տասներորդ հերթին լիբանանեան բանակին կը վստահինք», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ բանակցութեան պայմանը, եւ Լիբանան առաջինն էր, որ շտապեց պատրաստակամութիւն յայտնել թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, «անմիջական, համապարփակ եւ ամբողջական զինադադարն է: Պիտի չբանակցիմ, երբ կրակէ գօտիով շրջապատուած եմ: Հակառակ Իսրայէլի ուզածին, զինադադարէն առաջ բանակցութիւններ պիտի չըլլան»:
«Համապարփակ զինադադար մը մեզի կ՛արտօնէ անմիջապէս հանրապետութեան նախագահի նիստ գումարել», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:


