ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, որ 22 հոկտեմբերին, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ խաղաղապահ ուժեր Տհէյրայի մէջ մնայուն հսկողութեան կէտի մը վրայ պարեկութիւն կը կատարէին եւ կը հսկէին իսրայէլեան բանակէն զինուորներու, որոնք մօտակայ տուներու խուզարկում կը կատարէին, իսրայէլացի զինուրները նկատած են, որ հսկողութեան տակ են, եւ կրակ բացած են դիրքին վրայ, ուստի պարեկութիւն կատարողները նահանջած են` վիրաւորուելէ խուսափելու համար:
ՖԻՆԻՒԼ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իսրայէլեան բանակը իրերայաջորդ կերպով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն պահանջած է Կապոյտ գիծին վրայ իրենց դիրքերը լքել, եւ դիտաւորեալ կերպով քանդած է կարգ մը դիրքերու տեսախցիկները, լոյսերը եւ հաղորդակցութեան սարքերը:
«Հակառակ առաքելութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակից պետութիւններուն վրայ գործադրուող ճնշումներուն, խաղաղապահները տակաւին իրենց դիրքերուն վրայ են եւ իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն: Եւ պիտի շարունակենք մեզի վստահուած հսկողութեան ու զեկուցման առաքելութիւնը կատարել», շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը իսրայէլեան բանակի եւ ազդու բոլոր կողմերուն յիշեցուց ՄԱԿ-ի անձնակազմին եւ սեփականութեան ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իրենց յանձնառութիւնները:
«Անոնց վրայ որեւէ դիտաւորեալ յարձակում միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում է», շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:
ՖԻՆԻՒԼ աւելի ուշ նաեւ յայտարարեց, որ 23 հոկտեմբերին Եարինի, Պէյթ Լիֆի եւ Քֆարշուպայի մէջ իր դիրքերը թիրախաւորման ենթարկուած են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ յորդորեց երաշխաւորելու Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու անվտանգութիւնը: