Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այսօր քանդուածի վերակառուցման երթին կը սկսինք եւ հարաւի մէջ անվտանգութեան վերականգնման համար մեր յոյսը կը կապենք բանակին»:
«Կառավարութեան յանձնառութիւնը յայտնեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ, բոլոր կէտերով», նշեց Միքաթի:
«Արտակարգ պահեր կ՛ապրինք, եւ պատասխանատուութիւնը մեծ ու հաւաքական է միախմբուելու եւ կառուցելու պետութիւն մը, որ ձեռքբերումները կը պաշտպանէ», շեշտեց վարչապետի պաշտօնակատարը` աւելցնելով. «Աշխարհի մեր նկատմամբ վստահութիւնը կը վերաշահինք եւ կը վերականգնենք պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը: Կ՛ընդգծենք, որ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան հեղինակութիւնը բանակն է»:
Միքաթի կոչ ուղղեց, որ Իսրայէլ յարգէ զինադադարի որոշումը եւ հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն:
«Մենք վստահ ենք, որ վաղը Լիբանանի համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, պայմանով, որ մեր տարակարծութիւնները մէկդի ձգենք», աւելցուց ան:
«Պէտք է միախմբուինք դիմակայելու համար իսրայէլեան յարձակումէն ետք Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, եւ կառչած կը մնանք Լիբանանի բոլոր տարածքներուն, ցամաքին, ծովին եւ օդին վրայ պետութեան գերիշխանութեան», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
Միքաթի յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը առաջնորդեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններու ամբողջացման:


