Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութեան ծիրին մէջ հինգ հազար զինուոր պիտի տեղակայենք հարաւային Լիբանանի մէջ»:
Ան յոյս յայտնեց, որ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ` նշելով. «Կը սպասենք իսրայէլեան կառավարութեան ժողովի արդիւնքին»:
«Միացեալ Նահանգներ կրնան հարաւային Լիբանանի մէջ ենթակառոյցի վերաշինման մէջ դերակատարութիւն ունենալ», յայտնեց Պու Հապիպ:


