Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր երկու ամիս շարունակուող պայքարէ, տոկալէ, կամքէ ետք յաղթանակ արձանագրեցինք, եւ թշնամին իր նպատակներէն ոչ մէկը իրագործեց»:
«Երբ թշնամին ձախողեցաւ իր նպատակները իրագործել եւ կը հասնի զինուորական գետնի վրայ անելի կէտին, ապա ատիկա յաղթանակ է», շեշտեց Քումաթի:
«Այն, ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ, արաբական ազգային անվտանգութեան յաղթանակ է», ըսաւ ան` շեշտելով. «Հարաւի մէջ Դիմադրութեան տոկալը ձախողութեան մատնեց թշնամին, նաեւ ձախողութեան մատնեց Միջին Արեւելքի վրայ յարձակումը»:
«Կը պատրաստենք երկու նահատակներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հիշամ Սաֆիետտինի յուղարկաւորութիւնը, որ Դիմադրութեան երթի որդեգրման ժողովրդային ու քաղաքական հանրաքուէ պիտի ըլլայ», նշեց Քումաթի:
«Մեր ձեռքը կ՛երկարենք հայրենիքի մէջ մեր գործընկերներուն, որպէսզի Լիբանանը նախկինէն աւելի գեղեցիկ կառուցենք», յայտնեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը:


