Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շնորհաւորեց Լիբանանը թշնամական արարքներու դադրեցման առիթով, առ ի պատրաստութիւն գերիշխանութեան նշաձողին տակ վերջնական զինադադարին:
«Մեր սիրելիներուն իրենց տուներ վերադարձը անհրաժեշտութիւն է: Այժմ առաջնահերթութիւնը համախոհական նախագահի ընտրութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնն է` սկսելու համար բարեկարգումը, վերաշինութիւնը, պետութեան ղեկավարութեամբ պաշտպանական ռազմավարութեան մշակումը եւ պատերազմի վերսկսումը արգիլելու համար Լիբանանը տագնապներէն ու առանցքներէն զերծ կացուցելը», շեշտեց Պասիլ:


