Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Միլան Թրոյանովիչն ու դեսպանատան խորհրդական Սաշա Օժտանին: Հանդիպումը կեդրոնացաւ Սերպիոյ մէջ նախատեսուած «Էքսփօ 2027»-ին վրայ, որ կը միատեղէ մշակոյթը, ճարտարագիտութիւնը, մարմնակրթութիւնն ու այլ ոլորտներ:
Երկու կողմերը քննարկեցին երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ շուտափոյթ համաձայնութիւն կնքելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ գործակցութեան եւ մասնաւորաբար մարմնակրթական դիւանագիտութեան մէջ փորձառութիւններու փոխանակման կարելիութիւնները:
Նախարար Պայրագտարեան եւ Սերպիոյ դեսպանը նաեւ անդրադարձան թուայնացման կարեւորութեան եւ Լիբանանի մէջ այդ ոլորտին մէջ սերպական յառաջադէմ փորձառութենէն օգտուելու անհրաժեշտութեան: