Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Զինուորական մարմնակրթութեան բարձրագոյն կեդրոնի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Մուսան եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ընդհանուր կացութիւնը:
Գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Մուսա նախարարին ներկայացուց իր ղեկավարած կեդրոնի աշխատանքային ծրագիրը եւ նախարարութեան ու կեդրոնին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի նախարար Պայրագտարեանի` երիտասարդները բանակին ու անոր մարմնաւորած ազնիւ արժանիքներուն մերձեցնելու տեսլականին:


