Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»

April 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Այն, ինչ որ քուլիսներու մէջ տեղի կ՛ունենայ, վտանգաւոր է եւ ազգային շահին չի ծառայեր, եւ լիբանանեան կարգ մը գաղտնիքները սիոնական գործողութիւններու սենեակներէն վտանգաւոր են: Ոմանց Լիբանանի մէջ կը հետաքրքրեն միայն իր ագարակը եւ արեան ու ահաւոր արարքներու մէջ խեղդուած իր միլիսական վարմունքը»:

«Լիբանան պատմական արժէք է, եւ անոր գոյատեւումը իր սուղ գինը ունի: Այս սիրելի երկրին պահպանման համար տակաւին գին վճարողը կայ, մինչ ուրիշներ անոր դէմ սադրանք կը կատարեն` զինք արմատախիլ ընելու համար, եւ ասիկա կը նշանակէ անոր գերիշխանութիւնն ու գոյատեւման կարողութիւնը արմատախիլ ընել:

«Վտանգաւորը այն է, որ առաջնահերթութիւնները կտրուկ կերպով շրջուեցան, եւ կեղծ հայրենիքի առեւտուրը տարածուեցաւ, այնքան որ ոմանց մօտ գերիշխանութիւնը հայրենիք չի նշանակեր, այլ ապրուստի աղբիւր, ինչպէս նաեւ սադրանքի եւ շանթաժի առիթ: Ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ ոմանք կը պնդեն նոր գաղութատիրութիւնը արմատաւորել այնպիսի ձեւով մը, որ կը ծառայէ երկրի լուծարման, անոր գերիշխանութեան արմատախլման եւ պատմական ուժի քայքայման», ըսաւ շէյխ Քապալան:

«Այն, ինչ որ գետին (Լիթանիի, «Ա.») հարաւը տեղի կ՛ունենայ, վտանգաւոր է: Աւելի վտանգաւորը կառավարական անձնատուութիւնն է, եւ առանց կառավարական քաղաքականութեան ո՛չ վարչութիւն մը պիտի վերականգնի, ո՛չ ալ պետական հաստատութիւնը, եւ կը թուի, թէ կառավարութիւնը ծանր բեռներ շալկելով հետաքրքրուած չէ, այն իմաստով, որ այդ մէկը չ՛ուզեր: Մեր գերագոյն պարտականութիւնը ազգային որոշումը պաշտպանելն ու կառավարութեան ոտքերը գետնի վրայ դնելն է: Ո՛վ մեր գործընկերներ, յիշեցէ՛ք, որ Լիբանանը աւելի մեծ է, որ զայն ոեւէ մէկը կուլ տայ», նշեց Ժաաֆարականներու միւֆթին:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Սահմանադրական Փոփոխութիւն Պահանջողներէն Ոմանք Իրենց Իշխանութեան Ընդլայնման Կը Ձգտին, Եւ Ոչ Թէ` Պետութեան Բարելաւման»

Յաջորդը

Արաղչի. «Պետութիւնները Պէտք Է Գործակցին Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Դադրեցնելու Համար»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.