Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 3:00-ին Սայտա քաղաքի Տալլաա շրջանին մէջ յարկաբաժինի մը վրայ երկու հրթիռներ արձակելով սպաննեց պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն Հասան Ֆարհաթն ու անոր երկու զաւակները` Համզան ու Հանինը:

Յարձակումին հետեւանքով նշեալ յարկաբաժինին մէջ յառաջացած հրդեհին պատճառով շէնքին մէջ շարք մը յարկաբաժիններ վնասուեցան:

Ասիկա զինադադարի համաձայնութեան գոյացումէն ի վեր Սայտայի մէջ 2-րդ ահաբեկումն է: Իսրայէլ 17 փետրուար 2025-ին հիւսիսային Սայտայի մէջ ահաբեկեց Քասսամի փաղանգներու ղեկավարներէն Մոհամետ Շահինը:

– «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ» կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս այսօր Պաապտայի պալատ պիտի այցելէ:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի` իշխանութեան երեք պետերէն լսելիք Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, թէ առաջնահերթութիւնը զինադադարի համաձայնութեան գործադրումն է, զինադադարը, խախտումներու դադրեցումն ու իսրայէլեան հեռացումն է, իսկ սահմանագծումն ու առկախ խնդիրներու լուծումը ծովային սահմանագծման ընթացքին տեղի ունեցածին նման զինուորական թեքնիք յանձնախումբի մը ծիրին մէջ բանակցութիւններու ճամբով է»:

«Ոչ ոք գիտէ ամերիկացի պատուիրակին բերելիք պատգամը», ըսած է աղբիւրը` զարմանք յայտնելով «այն զրոյցներուն նկատմամբ, թէ ամերիկեան զգուշացումներ պիտի ըլլան, եթէ Լիբանան Իսրայէլի հետ քաղաքական ուղղակի բանակցութեան չսկսի, որովհետեւ այդ հարցը բացարձակապէս սեղանի վրայ չէ, եւ Լիբանանի պատասխանատուներէն ոչ ոքի հետ այդ հարցը արծարծուեցաւ, այլ հարցը սահմանափակուեցաւ Օրթէյկըսի քաղաքային ու քաղաքական բանագնացներով պատուաստաւորուած զինուորական յանձնախումբի ճամբով դիւանագիտական բանակցութեան ուղիներ բանալու մասին խօսքով»:

– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ եւ եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին յայտնած են. «Հըզպալլան պէտք է գիտակցի, թէ չի կրնար 2006 թուական եւ անկէ ետք եղող ժամանակին վերադառնալ, եւ ինչպէս գիտակցեցաւ Լիթանի գետէն հարաւ իր զէնքը յանձնելու անխուսափելիութեան, ուշ կամ կանուխ պիտի գիտակցի բանակցութենէ կամ Իրանի հարուածումէն ետք իր զէնքը յանձնելու անխուսափելիութեան»:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Մոսկուա – Ուաշինկթըն Երկխօսութեան Վերականգնման Հարցը

Յաջորդը

Սուէյտ. «Պէտք Է Աստիճանաբար Վճարել Եւ Վերադարձնել Բոլոր Պահ Դրուած Գումարները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.