Արտաքին գործոց եւ արտերկիրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վերաշինութեան եւ օժանդակութիւններուն համար պայմաններ կան, որոնք, սակայն, քաղաքական չեն, այլ` ազգային, եթէ կարելի է ըսել: Անոնց կարեւորագոյնը միջազգային որոշումները գործադրելն է` մեկնելով Լիբանանի մէջ ներքին խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն»:
«Եթէ ներքին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն չհաստատուի, ապա արաբ եւ օտար ներդրողներն ու նուիրատու պետութիւնները ապահով պիտի չզգան եւ որեւէ աջակցութիւն պիտի չտրամադրեն ու Լիբանանի մէջ ներդրում պիտի չկատարեն: Պետութիւններէն մեզի փոխանցուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ եւ կառավարութեան կազմութեամբ այս նոր իշխանութիւնը մեծ առիթ ունի, եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նկատմամբ մեծ վստահութիւն կայ: Ուստի իրենց գրաւը կը դնեն այն իրողութեան վրայ, թէ աջակցութիւնն ու ներդրումը փտածութեան պատճառով պիտի չմսխուի` շնորհիւ ատակ ու պարկեշտ պաշտօնատարներու գոյութեան», ըսաւ Ռաժժի:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան ու Իսրայէլի կողմէ հինգ կէտերու բռնագրաւման` ան նշեց. «Կը դիմակայենք պետութիւն մը, որ ունի հզօր կարողութիւն, որուն զինուորական գետնի վրայ դիմակայման կարողութիւնը չունինք, ուստի դիւանագիտական աշխատանք կը տանինք եւ բարեկամներուն կոչ կ՛ուղղենք ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ, սակայն մինչեւ հիմա ընդառաջում չկայ, ուստի քաղաքական ու դիւանագիտական ջանքէն աւելի ի՞նչ ընենք: Միակ լուծումը Իսրայէլի հետ շահեր ունեցող ամերիկեան պետութեան անոր վրայ ճնշումն է, որպէսզի հեռանայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքը: Սակայն բոլորը մեզմէ կը պահանջեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջովին գործադրել»:
«Լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ կը տարածուի եւ հոյակապ աշխատանք կը կատարէ, սակայն Իսրայէլն ու Ամերիկան այն կարծիքին են, որ ատիկա բաւարար չէ, որովհետեւ բանակը Լիթանի գետէն հարաւ կը գործէ, իսկ միջազգային ընտանիքը նաեւ Լիթանի գետէն հիւսիսի մասին կը խօսի, ինչպէս նաեւ ապօրինի զէնքը հաւաքելու եւ լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու մասին:
«Պետական կողմերը, որոնց զէնք կրելը կ՛արտօնուի, ճշդուած են զինուորական քայլերու դադրեցման համաձայնութեան մէջ. անոնք բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, մաքսատան աշխատակիցները, եւ նոյնիսկ քաղաքապետական ոստիկանութիւնն են: Մեզմէ ասոր գործադրութիւնը կ՛ուզեն, սակայն Լիբանանի մէջ ոմանք տակաւին համոզուած չեն պահանջուածը գործադրելով: Լիբանանէն Պահանջուածի գործադրումէն առաջ ո՛չ տնտեսական օժանդակութիւն, ո՛չ ալ վերաշինութեան աջակցութիւն կայ», ընդգծեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Չեմ գիտեր, թէ իսրայէլացին ի՛նչ կը մտածէ, սակայն գիտեմ, թէ մենք ինչ կ՛ուզենք: Իսրայէլեան վերջնական եւ առանց նախապայմանի հեռացում ու 1949 թուականի զինադադարի համաձայնագիրի վերականգնում կ՛ուզենք: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, ապա ատիկա սեղանի վրայ չէ, եւ քաղաքական ուղիղ բանակցութիւնները մեր կողմէ բացառուած ու մերժելի են», եզրափակեց Ռաժժի: