Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են. «(Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն) Օրթէյկըս ճկունութիւն ցուցաբերեց յանձնախումբերու կազմութեան հարցին մէջ եւ յայտնեց, թէ հարցը քննարկելի ու բանակցելի է` հասնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները ներկայ փուլին շտապ հարց չեն»:

-ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի յատուկ տեղեկութիւններուն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսին թելադրուած է Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարը քննարկել Պըրրիի հետ, որովհետեւ ան հանրապետութեան նախագահին կողմէ լիազօրուած է Հըզպալլայի հետ բանակցելու:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին ըսած է. «Օրթէյկըսի այցելութեան իրատեսական գնահատումը կը հաստատէ, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի վերաբերեալ իր սկզբունքները չէ փոխած, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը մերժէ ոչ ոքի օգուտ բերող հակամարտութիւններու մէջ մտնել»:

–  «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկեան աղբիւրներ, կը հաղորդէ. «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է շտապէ Հըզպալլայի զինուորական կառոյցը կազմաքանդել եւ լրջօրէն աշխատիլ գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, որ յստակօրէն կը նշէ, թէ համաձայնութեան ստորագրութեան թուականէն ետք ոչ աւելի քան 60 օրուան պայմանաժամի ընթացքին պէտք է միլիսները լուծարել»:

–  ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Ըտէյսէ-Թիպէ ճամբուն վրայ գտնուող անիւի նորոգութեան խանութի մը առջեւի հատուածին վրայ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ թիրախաւորած է մոթորսիքլեթի վրայ գտնուող Հըզպալլայի անդամ մը: Հըզպալլա աւելի ուշ յայտարարեց, որ զոհուած է իր անդամներէն Մոհամետ Ատնան Մանսուրը` «Ապու Պահա»-ը:

– ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ «Սի.Էմ.Էյ. Սի.Ճէյ.Էմ.» խմբաւորումին վարչական խորհուրդի նախագահ Ռուտոլֆ Սաատէ «Նահար» եւ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթերուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան իտէալական աշխարհագրական դիրք ունի, եւ ներկայիս Լիբանանի մէջ ապրանքներու շրջանային առաքման կեդրոն ստեղծելու կարելիութիւնը կը սերտենք»:

 

Նախորդը

Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեցուածքին Մասին

Յաջորդը

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.