Պայրագտարեան Հովանաւորեց «Փաթ» Ցանցի Միջազգային Խորհրդաժողովը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց Պէյրութի մէջ միջերկրականեան եւ եւրոպական պետութիւններու ծիրին մէջ գործող միջազգային հարթակ եղող «Փաթ» ցանցի կազմակերպած միջազգային խորհրդաժողովը, որ կը կրէր «Առաջնորդութեան եւ ազդեցութեան խորհրդաժողով 2025. յաջողութիւն ճգնաժամի ժամանակներու» խորագիրը: Նախարարը իր խօսքին մէջ իր մնայուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց զօրակցելու ձգտումներու տէր լիբանանցի երիտասարդներուն` իբրեւ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման գլխաւոր ազդակ: Ան նաեւ...




















