Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի կոչ ուղղեց` «գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը եւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման»:
«Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման համար պէտք է ամբողջական կերպով եւ առանց խտրութեան գործադրել միջազգային որոշումները», նշեց Ապտելաթի:
«Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կ՛աջակցի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, բանակին եւ լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն», ըսաւ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը: