Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապեր. «Դրամատուներուն Մէջ Պահ Դրուած Գումարներու Վերատիրացումը 3 Իրերայաջորդ Փուլերով Պիտի Ըլլայ»

April 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու վերատիրացումը երեք իրերայաջորդ փուլերով պիտի ըլլայ:

Ան Ուաշինկթընի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հետ իր հանդիպումները որակեց «ընդհանուր առմամբ լաւ»` ընդգծելով «տարիներու ընթացքին յառաջացած վիհի կամրջման, մեր եւ միջազգային ընտանիքի միջեւ վստահութեան, նաեւ մեր եւ մեր արաբ եղբայրներուն միջեւ վիհի կամրջման» առումով այդ այցելութեան կարեւորութիւնը:

«Մենք մեծ կարիք ունինք գործուն դրամատնային մարզի մը, որ սակայն բաւարար դրամագլուխ պէտք է ունենայ եւ միջազգային բոլոր արժեչափերը յարգող ըլլայ», ըսաւ ելեւմուտքի նախարարը` նշելով, որ եթէ ատիկա չիրագործուի, ապա «որեւէ դրամատուն կրնայ մէկ այլ դրամատան հետ համարկուիլ, եւ նպատակի իրագործման համար կարելի է երեք դրամատուներ իրարու համարկել»:

«Առձեռն տնտեսութեան պատճառով մոխրագոյն ցուցակին վրայ դրուեցանք, եւ այդ ցուցակէն դուրս գալու համար պէտք է դրամները դրամատուներ վերադառնան, եւ դրամատնային բնականոն կեանքի վերադառնանք», զգուշացուց ան:

Ելեւմուտքի նախարարը մէկ օր առաջ ալ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր. «Միջազգային դրամական ֆոնտն ու Միջազգային դրամատունը տեղեակ պահեցինք, թէ արագօրէն պիտի վաւերացնենք դրամատուներու վերադասաւորման օրէնքը` դրամատնային մարզի վերստին մեկնարկման եւ ոչ թէ դրամատուներուն ոչնչացման համար»:

«Կարեւորը դրամատուները վերստին յառաջ մղելն ու անոնց աշխատանքը վերականգնելն է», ըսած էր ան:

Ժապեր նաեւ զգուշացուցած էր. «Մենք այսօր մոխրագոյն ցուցակին վրայ ենք, եւ կրնանք սեւ ցուցակին վրայ դրուիլ, եթէ ելեւմտական բարեկարգման օրէնքները չորդեգրենք»:

Ան հաղորդած էր, որ ուժանիւթի նախարար Ճօ Սըտի շաբաթավերջին պիտի այցելէ Քաթար` ելեկտրականութեան հարցը քննարկելու համար:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Վայ Այն Պետութեան, Որ Ինքզինք Պաշտպանելու Համար Ուաշինկթընի Կը Վստահի»

Յաջորդը

Սալամ. «Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Վարչական Ապակեդրոնացման Դրութեան Կեանքի Կոչման Առաջին Քայլերն Են»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.