Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Կեցուածքներ

Ապրիլ 26, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Աուն

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն 24 ապրիլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը պարզապէս պատմական ցաւալի իրադարձութեան մը ոգեկոչումը չէ, այլ արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան հաստատումն է եւ աշխարհին յիշեցում է բռնութեան, ծայրայեղականութեան եւ մեկուսացման բոլոր ձեւերուն դէմ կանգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Հետեւաբար Լիբանանը այսօր կը վերահաստատէ այս սկզբունքներուն իրագործման համար հայ ժողովուրդի խաղաղ պայքարին իր հաստատ եւ աջակցող դիրքորոշումը»:

«Հայկական ծագումով լիբանանցի քաղաքացիները Լիբանանի հողին վրայ իրենց երկարատեւ պատմութեան ընթացքին փաստեցին, որ ազգային անկեղծ պատկանելիութեան եւ քաղաքականութեան, տնտեսութեան, մշակութային եւ արուեստի տարբեր ոլորտներուն մէջ շինիչ նպաստի օրինակ են: Անոնք միշտ ալ անբաժանելի մասն էին տարատեսակ ու իր բազմազանութեամբ հարուստ լիբանանեան ինքնութեան», աւելցուց Աուն:

«Աստուած ողորմի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ ամէնուրեք անիրաւութեան ու յարձակումի զոհերուն, եւ Աստուած հաւասարապէս պահպանէ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը», եզրափակեց հանրապետութեան նախագահը:

Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի հինգշաբթի օրուան լիագումար նիստի բացման ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ անոր վերաբերեալ գրաւոր արձանագրութիւնը կը գտնուի Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ:

Երեսփոխան Ապի Ռամիա

Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը ճշմարտութեան ու արդարութեան նկատմամբ եւ կը մեծարենք հոգիները նահատակներուն, որոնք անիրաւ կերպով ինկան»:

Երեսփոխան Զիատ Հաուաթ

Երեսփոխան Զիատ Հաուաթ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով կը խոնարհինք զոհողութիւններուն ու տառապանքին դիմաց ժողովուրդի մը, որ անիրաւութեան պատճառով շատ վնասներ կրեց եւ տակաւին կը շարունակէ պայքարիլ արդարութեան ու հաշուետուութեան իրագործման համար: Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ արդարութիւնը որքան ալ ուշանայ, ի վերջոյ կ՛իրականանայ»:

Նախկին Նախարար Քալլաս

Նախկին նախարար Ժորժ Քալլաս ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը մեծարանք է նահատակներուն եւ զոհերուն, որոնք իրենց հոգիները աւանդեցին իրենց հաւատքին սիրոյն, եւ առիթ մըն է գնահատելու այն հսկայական ջանքերը, որոնց ընդմէջէն հայերը իրենց վճռակամութեան եւ կեանքի նկատմամբ սիրով փաստեցին, թէ կարող են յաղթահարել մարտահրաւէրները եւ գործօն կերպով համարկուիլ հասարակութիւններուն ու երկիրներուն մէջ, որոնց հասարակութեան ու գոյացութեան մէկ մասը դարձան: Հոն, ուր հայ մը կը գտնուի, յաջողութեան առիթ մը գոյութիւն ունի: Ողջոյն այս ժողովուրդին, որ կարողացաւ դարձեալ մշակոյթը շարունակել եւ քաղաքացի ըլլալ հոն, ուր գտնուեցաւ»:

Նախկին Նախարար Ուատիհ Խազեն

Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի տնօրէն, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն «աւելի քան մէկ միլիոն հայերու եւ քրիստոնեաներու անցեալ դարու սկիզբը կատարուած ջարդերու ոգեկոչման առիթով» հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով. «Ազնուական հայ համայնքի կարեւորութիւնը առաւել ցայտուն կերպով կը դրսեւորուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին ժամանակ անոր կրած պատմական փորձութեան մէջ:

«Անոր ցաւալի փորձառութիւնը մեծապէս նման է փորձառութեանը Լիբանանին, որ անոր նման բռնաճնշումի ենթարկուեցաւ օսմանեան անիրաւութեան արհաւիրքին տակ եւ Կեդրոնական Պէյրութի Պըրժի հրապարակին մէջ կախաղաններու վրայ նահատակներ տուաւ` փրկելու համար իր ազատութիւնը: Այս առիթով չենք կրնար չողջունել այս ցաւալի յիշողութեան մէջ հայ նահատակներու հոգիները` յուսալով, որ Լիբանանը մօտ օրէն կայունութիւն կը վայելէ, վերջ կը գտնէ անոր ժողովուրդին կարիքի, աղքատութեան, անօթութեան ու հիւանդութեան վարկաբեկումը եւ կը վայելէ այն խաղաղութիւնը, որուն արժանի է եւ իր անկախութենէն ի վեր անոր կը ձգտի»:

Լիբանանի Մէջ Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ

Լիբանանի մէջ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, այս տարեկան ցաւալի յիշողութեան ընթացքին, Լիբանանի մէջ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր ձայնը կը միացնէ ձայներուն իր եղբայրներուն ու քոյրերուն` հայ ժողովուրդի զաւակներուն, եւ անոնց հետ ցաւող սրտով կը կիսէ յիշողութիւնը այս մարդասիրական մեծ ողբերգութեան, որ ձեր հպարտ ժողովուրդի պատմութիւնը դրոշմեց աննկարագրելի ցաւերով ու զոհողութիւններով»:

«Այս ցաւալի յիշատակման ընթացքին, հաւատքի եւ յոյսի աչքով կը դիտենք տոկալու եւ հաստատ հաւատքի փաստը, որ ձեր ժողովուրդին զաւակները պատմութեան ընթացքին տուին, եւ որ ի յայտ եկաւ անոնց համբերութեան ու տոկալուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց կեանքերը, եկեղեցիներն ու հասարակութիւնները վերականգնելու անոնց կարողութեան մէջ:

«Ձեզ հետ եւ ձեզի համար կ՛աղօթենք, որպէսզի Աստուած ձեր սրտերը մխիթարէ, վէրքերը դարմանէ եւ ուժ շնորհէ շարունակելու ձեր երթը` իբրեւ վկայութիւն ձեր հաւատքին ու հարուստ պատմութեան: Կը բաժնենք ձեր ցաւն ու յոյսը, եւ կ՛աղօթենք, որպէսզի ամբողջ աշխարհի վրայ հաստատուի իսկական խաղաղութիւն, որ հիմնուած է արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ»:

Կաթողիկէ Վարժարաններու Ընդհանուր Քարտուղար

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնենք հայ ժողովուրդին, ուր որ ալ գտնուի ան, մասնաւորաբար հայկական ծագումով մեր լիբանանցի եղբայրներուն, որոնք իրենց հոգիին մէջ կը պահեն այս խոր ողբերգութեան ցաւը եւ արժանապատուութիւնը ժողովուրդի մը, որ դիմադրեց մոռացութեան` տոկալով եւ հաւատքով:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան խիղճին դրոշմուած վէրք մըն էր, սակայն միեւնոյն ժամանակ կենդանի վկայութիւն մը` հաւատքի եւ ինքնութեան կառչելու ուժին մասին: Եւ այսօր, աւելի քան դար մը ետք, կը շարունակէք պահպանել այդ յիշողութիւնը եւ պատգամը կը փոխանցէք, իսկ մենք նահատակներուն յիշատակը կը նշենք ամենայն հաւատարմութեամբ ու պատուով»:

«Այս ցաւալի յիշատակին, կը վերահաստատենք ձեր կողքին մեր կանգնիլը եւ մեր խոստումը, որ Դատին տէր կանգնելուն մէջ գործընկեր ըլլանք, ինչպէս նաեւ նահատակներու յիշողութեան պահապան: Պիտի չմոռնանք ու պիտի չդադրինք արդարութիւն ու ճանաչում պահանջել, որովհետեւ պատմութիւնը չի ջնջուիր եւ իրաւունքը չի կորչիր:

«Ուստի միասնաբար յոյսով ոգեկոչենք այս յիշատակը եւ միասնաբար աշխատինք աշխարհի մը համար, ուր խաղաղութիւն կը տիրէ, ուր հալածանքն ու ցեղասպանութիւնը տեղ չունին, այլ` մարդկութեան արժանապատուութիւնն ու իսկական հաշտութիւնը»:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ալ ընկերային ցանցի վրայ հրապարակեց Ծիծեռնակաբերդի նկարը, որուն վրայ նշուած էր «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է, եւ անոր պատմութեան նենգափոխումը աւելի մեծ ոճիր է: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակ» գրութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ-2025

Յաջորդը

Էրտողանի Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձը

RelatedPosts

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ  Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»

Մայիս 17, 2025
Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ամերիկացիները Հարաւային Լիբանանի Մէջ Զինադադարին Առաջին Առնչակիցիներն Են, Եթէ Իրապէս Զայն Կ՛ուզեն»

Մայիս 17, 2025
Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ  Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական  Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»
Լիբանանեան

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?