Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութեան շէնքին մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու յատուկ գործողութիւններու կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքի մեկնարկման ընթացքին յայտնեց. «Խոստացանք, որ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, ասիկա սահմանադրական ժողովրդավարական հոլովոյթ է, եւ մեր խոստումը յարգեցինք»` նշելով. «Շրջապտոյտէն ետք վստահ եղայ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է ընտրական հոլովոյթին վերահսկելու»:
«Քաղաքապետական ընտրութիւնները թերեւս առաջին քայլերն են կեանքի կոչելու վարչական ապակեդրոնացման դրութիւնը, որ շատոնց կը սպասուի», շեշտեց ան:
«Քաղաքապետական ընտրութիւնները կը նպաստեն հայրենիքի երակներուն մէջ արիւնի վերանորոգման, եւ անոր աւարտէն ետք կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ տարբեր ծրագիրներու ուսումնասիրման վրայ», ըսաւ վարչապետը:
Սալամ երիտասարդներուն կոչ ուղղեց` «իրենց թեկնածութիւնը առաջադրելու եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկելու, որովհետեւ բարեկարգումը միայն օրէնքներու եւ ծրագիրներու ճամբով չէ, այլ երիտասարդներուն ճամբով քաղաքական կեանքին մէջ նոր արիւն եւ նորութիւն կ՛ուզենք, եւ երկրին բարգաւաճումը քաղաքապետութիւններու բարգաւաճումով կը սկսի»: