– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Ապու Տապի, ուր պիտի մնայ երկու օր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին եւ շարք մը պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար:
– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին տեղեկութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը կեանքի կոչած է Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան խողովակներէն մէկը, եւ կը սպասուի, որ երկխօսութիւնը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին նոր եւ լուրջ ընթացք մը ստանայ:
– ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութեան, նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստը պիտի յետաձգուի ուրբաթ օրուան` նախագահ Ժոզեֆ Աունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, վերադառնալէն ետք:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացիներուն հետ նախագահ Աունի ունեցած աշխուժ հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ յանձնախումբի նախագահ զօր. Ճասփըր Ճեֆըրզ այսօր կը վերադառնայ Պէյրութ` իր աշխատանքը շարունակելու համար:
– ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ նահանգապետ, դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուի երէկ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Մինչեւ այսօր Լեռնալիբանանի մէջ 53 քաղաքապետական խորհուրդներ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրուած կը նկատուին»:
Ան 24 ապրիլին յայտարարած էր, որ Լեռնալիբանանի մէջ 330 քաղաքապետութիւններէն 36-ին մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքը մրցակիցներու չգոյութեան պատճառով վճռուած է:
– ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Պընթ Ժպէյլի գիւղի բնակիչները մերժեցին ՖԻՆԻՒԼ-էն ուժի մը առանց լիբանանեան բանակի ընկերակցութեան գիւղ մուտքը:


