Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան Մարզական Աւանի Վերակենդանացումը Յայտարարեց

May 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Մարզական աւանին մէջ իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մարզական աւանի վերակենդանացումը յայտարարեց:

Ան նշեց, որ Մարզական աւանը վեց տարի առաջ փակուեցաւ, եւ պիտի վերաբացուի Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Նըժմէ-Անսար ճակատումին առիթով: Մրցումը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, որ սկիզբի գնդակը պիտի հարուածէ` կառոյցի վերածնունդին ազդանշանը տալով:

«Այսօր անկեղծ կամքով ու ժրաջան աշխատանքով այս ազգային վայրը կը վերակենդանացնենք եւ անոր դռները անգամ մը եւս կը բանանք մարզիկներուն, համակիրներուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն առջեւ», յայտարարեց Պայրագտարեան:

«Այս իրադարձութիւնը կը զուգադիպի Լիբանանի մէջ նոր փուլի մը, որ սկսաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութեամբ եւ ամբողջացաւ դատաւոր Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութեան կազմութեամբ», նշեց ան:

Պայրագտարեան ըսաւ, որ նախարարութիւնը մտադիր է վերստին կեանքի կոչել մարմնակրթական բոլոր կենսական կառոյցները` Թրիփոլիի ողիմպիական մարզադաշտը, Պաալպեքի մարզադաշտը, Մինայի մէջ փակուած սրահը, սկաուտական Սիմալ Ժպէյլ քաղաքը եւ Նաքքաշի ողիմպիական լողաւազանը:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը, պատասխանելով Ողիմպիական կոմիտէի թղթածրարին մէջ հակամարտութեան մասին լրագրողներու հարցումներուն, ըսաւ. «Նախաձեռնութիւն կատարեցի եւ սպասուած արդիւնքին 80 առ հարիւրին հասայ, սակայն դժբախտաբար կան մարդիկ, որոնք փոխան ազգային շահին իրենց անձնական շահը նախընտրեցին»:

«Նախարարութիւնը իրաւական ամբողջական ու պատրաստ թղթածրար մը ունի, սակայն համաձայնութեան գոյացման համար յաւելեալ ժամանակ տրամադրեցինք, եւ Լիբանանը առկախելու վերաբերեալ սպառնալիք լսեցինք: Ներքին եւ արտաքին բոլոր առնչակիցներուն հետ կապ հաստատեցինք եւ կը յուսանք, որ համաձայնութիւնը գոյանայ, այլապէս մեր մօտ գտնուող թղթածրարներուն վրայ պիտի յենինք, եւ նախարարութիւնը պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրէ», յայտարարեց Պայրագտարեան:

 

Նախորդը

Ռասամնի. «Ճամբաներն Ու Կամուրջները Վերանորոգելու Ազգային Ծրագիրի Մեկնարկը Տուինք»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսները Շնորհակալութիւն Յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Երկիրներուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.