Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Տակաւին կանուխ է շրջանին մէջ փոփոխութիւններուն խորքն ու տեւողութիւնը գնահատելու համար»:
«Կը կարծեմ, որ տակաւին շրջանային նոր համակարգի ուրուագիծը ամբողջովին չկազմուեցաւ, թէեւ բնական է ըսել, որ Արաբական ծոցը, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան կշիռ ունի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մօտ, այլ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ ազդեցիկ մնացեալ ուժերուն, այսինքն` Եւրոպայի, Չինաստանի եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ մօտ», նշեց Մըթրի:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ան նշեց, որ երկիրը սկսած է վերատիրանալ արաբական վստահութեան, որովհետեւ ատիկա քաղաքական գետնի վրայ կարեւոր է անցեալի էջը փակելու համար, նաեւ կարեւոր է վերաշինութեան համար, եւ առանց Արաբական ծոցի երկիրներու աջակցութեան չկայ վերաշինութիւն եւ առանց վերաշինութեան Լիբանանի մէջ կայուն կացութիւն չի կրնար ստեղծուիլ:
«Զէնքի մենաշնորհի եւ պետութեան իր ամբողջ հողերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատումը կառավարական եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ Լիբանանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է, նախքան արաբական եւ միջազգային հետաքրքրութեան առարկայ ըլլալը, թէեւ արտաքին իսկական հետաքրքրութեան նիւթ է:
«Յստակ է, որ եթէ այս առումով յառաջընթաց չարձանագրենք, եւ լիբանանեան իշխանութիւնները ցոյց չտուաւ, թէ իր սեփական ուժերով կրնայ իր վերահսկողութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածել, այդ վստահութիւնը, որ սկսանք արտաքին աշխարհին մօտ աստիճանաբար կառուցել, պիտի ցնցուի», նշեց փոխվարչապետը: