Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական պալատը տեղեկացուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի 23 մայիսին նախատեսուած Լիբանան այցելութիւնը յետաձգուած է յառաջիկայ ամսուան:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ գոյութիւն ունին ենթադրութիւններ, թէ յետաձգման պատճառը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ժամանակացոյցի խճողուած ըլլալն ու նախապէս ճշդուած արտաքին այցելութիւններու ծրագիրներն են:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին յայտնած են. «Գաղթակայաններուն մէջ պաղեստինեան զէնքերու թղթածրարը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւններուն գլխաւոր կէտն էր, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ քննարկուեցաւ պաղեստինցի գաղթականներուն ընկերային ու կենցաղային պայմաններու բարելաւման պահանջը:

–  ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովին մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի ընդհանուր տնօրէն Սթեֆանօ Սանինոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Սանինօ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վարչապետին յայտնեցի Եւրոպական Միութեան ուժեղ զօրակցութիւնը կառավարութեան եւ անոր կատարած բարեկարգումի հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ ապագայ բարեկարգումներուն, որոնց տակաւին կարիքը ունի երկիրը: Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի աւանդական գործընկերն է, եւ այսօր, աւելի քան երբեւէ, օրինակ` միջինարեւելեան երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները միայն տնտեսական չեն, այլ նաեւ քաղաքական»:

–  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, մեկնաբանելով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ միացեալ հաղորդագրութեան մէջ արտայայտած կեցուածքները ըսաւ. «Պաղեստինեան բարձրագոյն հեղինակութեան կողմէ այս յստակ ու վճռական դիրքորոշումներէն ետք, լիբանանեան կառավարութիւնը, իր առաջին ժողովին, առանց որեւէ ուշացումի կամ դանդաղելու պէտք է քանի մը շաբաթը չանցնող յստակ ժամանակացոյց ճշդէ գաղթակայաններէն ներս թէ դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքը հաւաքելու համար, եւ ստանձնելու գաղթակայաններուն ու անոնց մերձակայքի ապահովութեան պատասխանատուութիւնը:

«Այս բոլորը առ ի պատրաստութիւն ամբողջ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքերը հաւաքելու եւ անօրինական զինեալ խմբաւորումները լուծարելու, որպէսզի նոր իշխանութիւնը կարենայ պէտք եղածին պէս ընթացք առնել»:

 

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն Կանխարգիլել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հակամարտութեան Վտանգը»

Յաջորդը

Ռաժժի. «Լիբանան Յանձնառու Է Արաբական Խաղաղութեան Նախաձեռնութեան, Եւ Խաղաղութենէն Առաջ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացում Տեղի Պիտի Չունենայ»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.