Լիբանանը երկարատեւ բացակայութենէ ետք մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան աւելի քան 36 պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու կողքին մասնակցեցաւ վեհաժողովին` նախագահելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը:
Պայրագտարեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան նոր էջ բացաւ` ջանալով փակել տնտեսական, ընկերային եւ մարդասիրական ծանր փուլ մը: Ան ըսաւ, որ զօր. Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ նոր սկիզբ մըն էին:
Նախարարը ընդգծեց, որ Լիբանան պատրաստ է հաղորդակցելու եւ իր կարողութիւնները, կարելիութիւններն ու ուժերը դնելու հաւաքական նպատակասլաց աշխատանքին մէջ:
«Լիբանանը ուժեղ կերպով, կամքով եւ ներուժով վերադարձաւ իր դերը ամբողջականօրէն կատարելու, եւ ձեզի հետ կը կիսենք մեր երիտասարդներուն աւելի լաւ ապագայ կառուցելու նպատակը», յայտարարեց Պայրագտարեան: