Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Փիկըթ յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը յանձնառու է Միացեալ Նահանգները, Լիբանանն ու Իսրայէլը միաւորող եռակողմ շրջագիծի ծիրին մէջ աշխատանքը շարունակելու` նշելով, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները հասած են բարձր մակարդակներու, որոնց նմանը անոնց միջեւ յարաբերութիւնները տասնամեակներէ ի վեր չէ տեսած, «սակայն չեմ ըսեր, թէ հարցերը դիւրին են»: Ան այս մասին յայտնեց «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ան նշեց, որ թեքնիք բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ Ուաշինկթըն կանոնաւոր կապ կը հաստատէ երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ` փոխըմբռնումներու գործադրութիւնը յառաջ մղելու համար:
Փիկըթ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ այս հոլովոյթը նկատի առած են իբրեւ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն ու բարգաւաճում իրագործելու առիթ մը:
Պատասխանելով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի իսրայէլեան հեռացման ստուգման մեքանիզմի մշակման պահանջին վերաբերեալ հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, թէ ստուգման հարցը իրողապէս կ՛արծարծուի ընթացող թեքնիք բանակցութիւններուն մէջ` աւելցնելով, որ ստուգման մեքանիզմները մաս կը կազմեն եռակողմ շրջագիծին, որուն գործադրութեան վրայ կ՛աշխատի Ուաշինկթըն:
Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կը զօրակցին համաձայնեցուած շրջագիծի գործադրութեան, եւ երկու կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
Փիկըթ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Արաբական ծոցի երկիրներու ու եւրոպացի իր գործընկերներուն հետ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ հարաւային Լիբանանի մէջ վնասուած շրջաններու վերաշինութեան համար միլիառաւոր տոլարներու ֆինանսաւորում ապահովելու համար: Ան վերաշինութեան յառաջ մղումը կապեց Հըզպալլայի զինաթափման` նշելով, որ Լիբանանը միջազգային ընդարձակ աջակցութիւն ստանալու առիթ ունի, սակայն կուսակցութեան զէնքի գոյատեւումը կայունութեան իրագործումն ու տեղահանուածներու վերադարձը կը խոչընդոտէ:
Ան Հըզպալլան ամբաստանեց Թեհրանէն ցուցմունքներ ստանալու, լիբանանցիներու ուսերուն իրերայաջորդ հակամարտութիւններու հետեւանքները բեռցնելու եւ ապօրինի գործունէութիւններէ, ներառեալ թմրեցուցիչի առեւտուրէն եկամուտները իր զինուորական կառոյցը ֆինանսաւորելու համար օգտագործելու յանցանքով:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման, տուներու եւ գիւղերու քանդման շարունակման հարցին` Փիկըթ ըսաւ, որ Ուաշինկթընի պատգամը այն է, որ անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատել` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հաղորդակցութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցան:
Ան վերահաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն ճամբով աշխատանք կը թափէ փոխըմբռնումներու գործադրութեան համար:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակին զինուորական, ֆինանսական եւ գումակային աջակցութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, թէ իր երկիրը յանձնառու է բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու ու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան աջակցելու: Ան նշեց, որ եռակողմ շրջագիծը կը պարունակէ աջակցութեան շարք մը միջոցներ, որոնք կը ներառեն ելեւմտական, մարդասիրական ու ապահովական օգնութիւններ, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան լուծման մեքանիզմ:
«Մենք բանակի կարողութիւններուն աջակցութեան յանձնառու ենք», ըսաւ ան:
Փիկըթ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ լիբանանեան կառավարութեան ու պետութեան հաստատութիւններուն աջակցիլ` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Լիբանանը գերիշխան եւ կայուն տեսնել:


