. ՔԱԹԱՐԻ վարչապետին այցելութեան հետեւող աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Տոհան տարբեր կողմերու հետ իր ունեցած յարաբերութիւններու լայն ցանցին ճամբով աշխատանք կը տանի կառուցելու «դիւանագիտական ծածկոյթ» մը, որ մղում կը կատարէ դէպի քաղաքական լուծումներ եւ զինուորական ընտրանքներու կրճատում, ինչ որ Լիբանանին կ՛օգնէ վերականգնելու իր գերիշխանական որոշումը եւ ամրապնդելու իր կայունութիւնը»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան դեսպանատան մէջ դեսպան Միշէլ Իսայի հետ ժողով գումարուած է, եւ երեսփոխաններէն մէկը հաստատած է, որ Իսա ուղղակի կերպով Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւնը քրէականացնող լիբանանեան օրէնքներու բարեփոխման անհրաժեշտութեան մասին արտայայտուած է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի նախագահ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որ հաստատեց, որ ամերիկեան կողմը մանրակրկիտ կերպով կը հետեւի լիբանանեան կացութեան, մեծ մասամբ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի կացութեան եւ Լիբանանին որեւէ նոր պատերազմի մէջ ներքաշուելուն պարունակած վտանգներուն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ռուպիօ մանրամասն հարցումներ յղեց Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերուն եւ անոնց առնչուած հարցերուն, ինչպէս նաեւ պետութեան վարմունքի ձեւին մասին, որուն ի պատասխան նախագահ Աուն վստահեցուց, որ այս թղթածրարին նկատմամբ թեթեւ մօտեցում չկայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քաղաքական ճնշումներ կը բանեցուին ազատ արձակելու համար կալանաւորուածներն ու պայթուցիկ նիւթերը, մինչ ապահովական մարմինները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` պայթուցիկ նիւթերու բեռին մանրամասնութիւնները բացայայտելու համար»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան նախարար Նասսար նախարարաց խորհուրդի նիստէն առաջ այցելեց հանրապետութեան նախագահին եւ անոր առաջարկեց Տահր Պայտարի պայթուցիկներու հարցը փոխանցել Արդարադատական խորհուրդին, սակայն նախագահ Աուն նախընտրեց հետաքննութեան արդիւնքներուն յստականալէն առաջ այս քայլին չդիմել` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ այդ քայլը պատճառ դառնայ հոլովոյթի ձգձգման եւ թղթածրարին վերաբերեալ որոշումի ուշացման»:
. ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութենէն աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Գործատէրերու դիրքորոշումը տակաւին նոյնն է. անոնք կառչած կը մնան աշխատավարձերուն մեծ յաւելումներ կատարել կարողութիւն չունենալնուն վրայ եւ այդ մէկը կ՛արդարացնեն նշելով, որ առեւտրական հաստատութիւնները պատերազմին պատճառով մեծ վնասներ կրեցին»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 22 հազար լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.773.000 լ.ո.-ի եւ 2.578.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 11000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.578.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.418.000 լ.ո.:


