. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը:
. ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը այսօր մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլով մը կ՛այցելէ Յունաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ 19 հոկտեմբեր:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի օր ժամը 11:00-ին նիստի մը` ընտրելու համար խորհրդարանի դիւանի երկու քարտուղարներ եւ երեք յանձնակատարներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքայի շրջանի պատասխանատու Հիւսէյն Նըմր յայտնեց. «Սուրիական հողերէն բռնի տեղահանուած լիբանանցիները պիտի ներառուին Հըզպալլայի կողմէ յայտարարուած «Խոստում եւ պարտաւորութիւն» բնակարանային նախագիծին մէջ»` ընդգծելով. «Ամբողջ նախագիծի գործնական ընթացակարգերը պիտի սկսին գործադրուիլ հինգշաբթի օր, երբ ամբողջ Պեքայի շրջանին մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ դաշտային հետազօտութեան իրական հոլովոյթը` երկրաչափերու, շահագրգիռ կողմերու եւ ոլորտներու հսկողութեան տակ, Հըզպալլայի ղեկավարութեան կողմէ սահմանուած վերահսկողութեան ծիրին մէջ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնած է, որ ինք նուազագոյն կասկածն իսկ չունի, որ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն մեծ աշխատանք կը տանի 27 հոկտեմբերին նախատեսուած իսրայէլեան ընտրութիւններէն առաջ Իրանի, Համասի կամ Հըզպալլայի վրայ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելու:
. «ՄԱՐՔԱԶԻԱ» կը հաղորդէ, որ ի յայտ եկած են տուեալներ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մօտ գոյութիւն ունի Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Յորդանանի մասնակցութեամբ «Արաբական արեւելքի վեհաժողով» հրաւիրելու ուղղուածութիւն մը` քննարկելու համար շրջանային խաղաղութեան աւելի ընդլայնուած ծրագիր մը:
Արեւմտեան դիւանագիտական շրջանակներու համաձայն, սպասուող նախաձեռնութեան նպատակն է ընդլայնել Աբրահամեան համաձայնութիւններու ծիրը` ներառելով այլ երկիրներ, նախ եւ առաջ Լիբանանը, Սուրիան եւ Իրաքը:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Քաթար իր գործողութիւններով կը ձգտի անյապաղ Լիբանանին ցուցաբերել գործնական ու ֆինանսական աջակցութիւն, որ կը ներառէ բանակն ու ուժանիւթի ոլորտը, մեկնելով այն հասկացողութենէն, որ բանակին աջակցիլը դարձած է այն կարեւորագոյն կէտը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են Լիբանանի եղբայր ու բարեկամ երկիրները, որպէսզի երկիրը վերականգնէ իր լիակատար գերիշխանութիւնը եւ իր բանակի վերահսկողութիւնը տարածէ իր ամբողջ տարածքին վրայ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ ապահովական աղբիւրներ մտավախութիւն ունին, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի միջեւ լարուածութիւնը լիբանանեան բեմ հասնի: Աղբիւրները նշած են, որ շահագրգիռ մարմիններու նկատած ցուցանիշերը կ՛ահազանգեն ներքին կողմերուն միջեւ լարուածութեան հաւանական սրման մասին, ինչ որ կրնայ յառաջիկայ փուլին կայունութեան վրայ ազդել:
. ԼԻԲԱՆԱՆ-Իսրայէլ բանակցութիւններուն առնչակից քաղաքական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն կապի մէջ է ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ` Նեթանիահուի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի արգելք հանդիսանան, եթէ այն կարծիքը ունենայ, թէ վարչապետի պաշտօնին վերադառնալու համար կարիքը ունի ապահովական շրջանը ընդլայնելու»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Նեթանիահուին ապահովական շրջանի ընդլայնման կանաչ լոյս չտալու ամերիկեան երաշխիքներ ստացաւ, անոր Իքլիմ Թուֆահի եւ Ժապալ Ռիհանի միջեւ գտնուող բարձունքներու թիրախաւորումը արդարացնելու պատրուակներ չտալու դիմաց»:
. ՇԻԻ երկեակին մօտիկ երեսփոխանական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլան փորձեց վերատիրանալ բեռնակառքին մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերուն. Հըզպալլայի կապի եւ համակարգումի միաւորի պատասխանատու Հիւսէյն Ապտալլա, որ այդ պաշտօնին վրայ Ուաֆիք Սաֆային փոխարինեց, շտապեց կապ հաստատել ապահովական եւ զինուորական ղեկավարներու հետ` անոնց վերատիրանալու համար, սակայն չյաջողեցաւ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, շարք մը երեսփոխաններու մասնակցութեամբ դռնփակ ժողով մը գումարուած է` նախարարաց խորհուրդին կողմէ Լիբանանեան համալսարանի նախագահի վերանշանակման որոշումը Պետութեան շուրայի խորհուրդին մօտ բողոքարկելու համար: Այդ որոշումէն ուղղակի վնաս կրած շարք մը անձերու հետ կապ հաստատուած է:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «որոշուած չէր Սահմանադրական խորհուրդի համաներման օրէնքին դէմ բողոքարկման վերաբերեալ յայտարարութիւնը հրապարակել այն տեսքով, որով ան հրապարակուեցաւ»:


