Լիբանանեան

Հաքըպի. «Իսրայէլ-Լիբանան  Բանակցութիւնները Պատմական Են»

Հաքըպի. «Իսրայէլ-Լիբանան Բանակցութիւնները Պատմական Են»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժգոհ էր «իրանցիներու յամառութենէն»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը: Հաքըպի Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները որակեց «պատմական»` նշելով, որ երկու կողմերը այսօր նոյն սենեակը կը նստին` քննարկելու համար յառաջ ընթանալու ձեւը: «Յառաջ ընթանալու ձեւին եւ Հըզպալլան պատկերէն դուրս բերելու մասին կը խօսինք, որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ», աւելցուց Միացեալ...

Սալամ. «Ելեկտրածին Շարժակներու Պաշտօնական  Վճարման Գինի Խախտման Համար Որեւէ Արդարացում  Չկայ, Եւ Մենք Խախտողներուն Դէմ  Քայլեր Պիտի Ձեռնարկենք»

Սալամ. «Ելեկտրածին Շարժակներու Պաշտօնական Վճարման Գինի Խախտման Համար Որեւէ Արդարացում Չկայ, Եւ Մենք Խախտողներուն Դէմ Քայլեր Պիտի Ձեռնարկենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրական շարժակներու կացութեան, մասնաւորաբար հաշուեցոյցի գիներու բարձրացման եւ խախտումներու զսպումը խստացնելու վերաբերեալ ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամեր Պսաթը, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտին, վճռաբեկ դատարանի ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժը, պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսը, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Մահմուտ Քուպրուսլին, Պէյրութի ոստիկանապետ...

Ատուան. «Արգելք Չկայ Սահմանի Վերականգնման  Ու Պետութեան Ոտքի Կանգնելուն Շուրջ Փոխըմբռնման  Ծիրին Մէջ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալուն»

Ատուան. «Արգելք Չկայ Սահմանի Վերականգնման Ու Պետութեան Ոտքի Կանգնելուն Շուրջ Փոխըմբռնման Ծիրին Մէջ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալուն»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Ատուան նշեց. «Այսօր փապուղիի վերջաւորութեան կը հասնինք շնորհիւ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին: Ասիկա առաջին անգամն է, որ պետութիւնը կը վճռէ յանուն Լիբանանի խօսիլ,  այլ պետութիւններ մեր երկրին անունով խօսելու փոխարէն»: «Ալի Թահեր բարձունքներուն վերահսկողութեան մասին խօսակցութիւնները կարիքը ունին ստուգման, որպէսզի գետնի վրայ իրողութիւնները տեսնենք», ըսաւ երեսփոխանը: «Արգելք չկայ սահմանի վերականգնման ու պետութեան ոտքի կանգնելուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ստորագրեց համաներման օրէնքը: . ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ քաղաքական բանակցութիւնները Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենան, իսկ զինուորական բանակցութիւնները` Ֆլորիտայի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, եւ փորձնական շրջանները տակաւին խոչընդոտ են»: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Դեսպան Իսայի Թել Աւիւ այցելութեան նախորդող եւ յաջորդող օրերուն, ամերիկեան կողմը փոխանցեց այն, ինչ որ ինք...

Իսրայէլ Որոշեց Ազատ Արձակել  Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլ Որոշեց Ազատ Արձակել Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Իսրայէլ այսօր լիբանանցի 5 գերիներ ազատ արձակէ»: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ծիրին մէջ ցուցմունք տուաւ հետեւելու Լիբանանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավարներու աճիւններու որոնման, որոնց ան կոչած է «արքայական նահատակներ», որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած էին 1980-ականներու կէսերուն»: Գրասենեակը ըսաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը...

Աուն. «Լիբանան Կ՛ողջունէ Որեւէ Բարեկամ Պետութիւն,  Որ Կը Փափաքի Շարունակել ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը,  Եթէ Անոր Առաքելութիւնը Կարելի Չըլլայ Երկարաձգել»

Աուն. «Լիբանան Կ՛ողջունէ Որեւէ Բարեկամ Պետութիւն, Որ Կը Փափաքի Շարունակել ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը, Եթէ Անոր Առաքելութիւնը Կարելի Չըլլայ Երկարաձգել»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Նետերլանտներու արտաքին առեւտուրի եւ բարգաւաճման գործակցութեան նախարար Սիորտ Սիորտսմանը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Նետերլանտներու միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: «Իսրայէլ կը շարունակէ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն ընթացքին գոյացած շրջագծային համաձայնութիւնը խախտել` շարունակելով ռմբակոծումը եւ իր բռնագրաւած հարաւային գիւղերու...

Աղբիւրներ «Հատաս»-ին.  «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Քաղաքական  Բանակցութիւնները` Հռոմի Մէջ, Իսկ Զինուորական  Բանակցութիւնները` Ֆլորիտայի Թամփա Քաղաքին Մէջ»

Աղբիւրներ «Հատաս»-ին. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Քաղաքական Բանակցութիւնները` Հռոմի Մէջ, Իսկ Զինուորական Բանակցութիւնները` Ֆլորիտայի Թամփա Քաղաքին Մէջ»

Աղբիւրներ սէուտական «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ, իսկ զինուորական բանակցութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքին մէջ»: Ամերիկեան աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին ըսած են. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանէն որեւէ նոր նահանջ կը մերժէ, նախքան բնորդային շրջաններու աշխատանքի ամբողջացումը»: «Լիբանան ամերիկացիներուն կը վստահեցնէ, թէ առանց յայտարարելու կը կատարէ փորձնական շրջաններուն մէջ...

Ներկայութեամբ Մնասսայի  Եւ Դեսպանատուներու Ներկայացուցիչներու`  Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը ՖԻՆԻՒԼ-ի Հարցով Նիստ Մը Գումարեց

Ներկայութեամբ Մնասսայի Եւ Դեսպանատուներու Ներկայացուցիչներու` Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը ՖԻՆԻՒԼ-ի Հարցով Նիստ Մը Գումարեց

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն քարտուղարն է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հարցով խորհրդակցական նիստ մը, որուն ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպանատուններէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Լիբանանի մէջ յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Ժան Առնոն, ՖԻՆԻՒԼ-ի պետի տեղակալ Էրվէ Լըքոքը եւ Լիբանանեան կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէն:...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Երեսփոխանական Պլոքը Պըրրիէն Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ Կը Պահանջէ

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պահանջեց գումարել նիստ մը` յատկացուած կառավարութեան հարցապնդման եւ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելուն` անոր գործունէութեան, նախարարական ծրագիրի նկատմամբ իր յանձնառութեան տարողութեան, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուած կամ չձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ` սուրիացի գաղթականներու, ուժանիւթի, պահ դրուած գումարներու, զէնքի, պաշտպանական քաղաքականութեան, դատական անկախութեան, ապակեդրոնացման եւ վարչական նշանակումներու մասին: Պլոքի անդամ երեսփոխաններու ձեռագիր դիմումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Հատաս»-ին. «Իտալիա առաջարկեց, որ Սպանիան ու Ֆրանսան փոխարինեն ՖԻՆԻՒԼ-ը»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ պատասխանատուներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրան Միացեալ Նահանգները զգուշացուց, թէ լայնածաւալ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ Ալի Թահեր բլուրին վրայ յարձակում գործէ»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական ծրագիրները սպասուածին պէս չեն ընթանար»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանը յանձնառու է...

Աուն. Բանակցութիւններուն Գլխաւոր Նպատակները  Լիբանանը Պատերազմի Աղէտէն Զերծ Պահելը  Եւ Անոր Գերիշխանութիւնն  Ու Կայունութիւնը Պաշտպանելն Են»

Աուն. Բանակցութիւններուն Գլխաւոր Նպատակները Լիբանանը Պատերազմի Աղէտէն Զերծ Պահելը Եւ Անոր Գերիշխանութիւնն Ու Կայունութիւնը Պաշտպանելն Են»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ «Պեքայի պատկանելիութեան եւ բարգաւաճման հանդիպում»-էն պատուիրակութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք բարգաւաճման ոլորտի մէջ Պեքայի կարիքներուն ու կարեւորութեան համազօր պետութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու, հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով բարգաւաճման ծրագիրներու նկատմամբ, որոնց ամէնէն նշանակալիցները Արաբական մայրուղին, Լիբանանեան համալսարանի համալիրն ու Լիթանի գետի եւ անոր հունին հոգատարութիւնն են»: «Բանակցութիւններուն գլխաւոր նպատակները ճշդուած են. անոնք Լիբանանը պատերազմի աղէտէն զերծ պահելը եւ...

Պարրօ. «Ֆրանսան Կը Զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի`  Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առաքելութեան Վերանորոգման,  Եթէ Լիբանան Ատիկա Պահանջէ»

Պարրօ. «Ֆրանսան Կը Զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի` Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առաքելութեան Վերանորոգման, Եթէ Լիբանան Ատիկա Պահանջէ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Ֆրանսան կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի` Հարաւային Լիբանանի մէջ առաքելութեան վերանորոգման, եթէ Լիբանան ատիկա պահանջէ»: «Լիբանանի կողքին կը կանգնինք, որպէսզի դառնայ ուժեղ պետութիւն մը, որ զէնքի մենաշնորհ կը վայելէ», նշեց Պարրօ:

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերուն Վրայ  Երկու Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արձակման  Հակադարձելով Նապաթիէի Մէջ Հըզպալլայի  Ենթակառոյցներու Վրայ Յարձակում Գործեցինք»

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերուն Վրայ Երկու Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արձակման Հակադարձելով Նապաթիէի Մէջ Հըզպալլայի Ենթակառոյցներու Վրայ Յարձակում Գործեցինք»

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց. «Հըզպալլան գիշերուան ընթացքին Ալի Թահեր բարձունքներու շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն ուղղութեամբ երկու անօդաչու թռչող սարքեր արձակեց: Մարտիկները երկու անօդաչուներէն մէկուն ուղղութեամբ կրակ բանալով վնասազերծեցին, եւ մեր ուժերուն շարքերուն մէջ վիրաւորներ չկան»: «Հակադարձելով այս արարքին, իսրայէլեան բանակը յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցին վրայ: Թիրախաւորուած ենթակառոյցը խմբաւորման անդամներուն կողմէ կ՛օգտագործուէր ապահովական շրջանին...

Հաժ Հասան. «Ամերիկային Յոյս Կապելը  Սխալ, Անհիմն Ու Անիմաստ Է»

Հաժ Հասան. «Ամերիկային Յոյս Կապելը Սխալ, Անհիմն Ու Անիմաստ Է»

Հաւատամութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց. «Ամերիկային յոյս կապելը սխալ, անհիմն ու անիմաստ է»: «Մենք ամօթ չենք նկատեր եւ չենք ամչնար, այլ կը հպարտանանք, որ Իրանի դաշնակիցներն ենք, մինչդեռ Ամերիկայի դաշնակիցները պէտք է ամօթ զգան, որովհետեւ անիկա ահաբեկչութեան հովանաւոր է, չարիքի աղբիւր, Իսրայէլի դաշնակիցն ու զինուորն է, անոր պատմութիւնն ու դիրքորոշումը կ՛որդեգրէ եւ անոր վրայ ճնշում չի...

Սինիորա Բարձր Գնահատեց  Պըրրիի Արտասանած Խօսքը

Սինիորա Բարձր Գնահատեց Պըրրիի Արտասանած Խօսքը

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա բարձր գնահատեց «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 48-ամեակին առիթով արտասանած խօսքը` մասնաւորաբար Պըրրիի հաւատարմութիւնը Լիբանանի միասնութեան, անոր անկախութեան, լիակատար գերիշխանութեան, արաբական ինքնութեան, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան եւ քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ` Թաէֆի համաձայնագիրի հովանիին տակ, եւ ատոր պատշաճ իրականացման յանձնառութեան նկատմամբ` Լիբանանի պետութեան, անոր սահմանադրական, քաղաքական ու վարչական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ անոր օրինական զինուորական եւ ապահովական...

Մուսաուի. «Իշխանութեան Կոչ Կ՛ուղղենք`  Վերատեսութեան Ենթարկելու Իր Հաշիւները  Եւ Յիշելու Իր Խօսքն Ու Ստանձնած Պարտաւորութիւնը»

Մուսաուի. «Իշխանութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Վերատեսութեան Ենթարկելու Իր Հաշիւները Եւ Յիշելու Իր Խօսքն Ու Ստանձնած Պարտաւորութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի շեշտեց. «Այսօր մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ Լիբանանի իշխանութիւնը, որ կռնակ դարձուցած է հարաւային Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին, կարծէք իսրայէլեան յարձակում չ՛ըլլար, եւ նոյն իշխանութիւնն է, որ ըսած է, թէ բանակցութիւններու պիտի չերթայ, բացառութեամբ լիբանանեան բոլոր հողերը ազատագրելու եւ անոնց դէմ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար, եւ որ իր ամերիկացի ընկերները այդ հարցին մէջ իրեն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի. «Նեթանիահուի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի հետ հանդիպում ունեցայ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցութիւնները»: -Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հռոմի ժողովներուն վերաբերեալ ուշացում չկար ու չկայ: Այս փուլին շուրջ շատ կեղծ լուրեր կան, որովհետեւ չարամիտ կողմեր կը փորձեն ժխտական մթնոլորտ ստեղծել, ուստի պէտք չէ...

Ֆրանսական Դիւանագիտական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին.  «Ֆրանսան Եւ Իտալիան Աշխատանք Կը Տանին  ՖԻՆԻՒԼ-էն Ետք Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Ծրագիրի Մը Շուրջ»

Ֆրանսական Դիւանագիտական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին. «Ֆրանսան Եւ Իտալիան Աշխատանք Կը Տանին ՖԻՆԻՒԼ-էն Ետք Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Ծրագիրի Մը Շուրջ»

Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մեր գործընկերներուն հետ Լիբանանի վերաբերեալ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»: «Ֆրանսան ու Իտալիան աշխատանք կը տանին ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան ծրագիրի մը շուրջ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Իտալական-ֆրանսական ծրագիրը կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորելու համար է»: Ըստ անոր, «Լիբանանի մէջ կացութեան կայունութիւնը Հըզպալլայի զինաթափման ճամբով է»: «ՖԻՆԻՒԼ-էն...

Պաապտայի Մէջ.  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Կը Շեշտէ Համերաշխութեան Կարեւորութիւնը

Պաապտայի Մէջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Կը Շեշտէ Համերաշխութեան Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ յայտնեց. «Լիբանանահայերը հայրենիքի կառուցման մէջ դրական դերակատարութիւն ունեցան, եւ լիբանանեան հասարակութեան մէջ անոնց ներգրաւուածութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ հիմնական աջակցութիւն ապահովեց»: «Այս պետութիւնը կը պաշտպանէ բոլորը. լիբանանցիները յոգնած են զուգահեռ պետական կառոյցներէն եւ հաստատութիւններէն: Մեր կատարած ընտրանքները կը բխին...

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապի Ռամիան

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապի Ռամիան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիան, եւ անոր հետ քննարկեց շարք մը նիւթեր, մասնաւորաբար կազմակերպումը նախարարաց խորհուրդին կողմէ որդեգրուած Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան շաբթուան, որ տեղի պիտի ունենայ 15-էն 21 սեպտեմբերին, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան վերաբերեալ օրինագիծերու առնչուած հարցեր: Անոնք նաեւ ընդգծեցին Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան զարգացման ու յառաջ մղման համար...

Page 11 of 985 1 … 10 11 12 … 985

Արխիւներ