86 երեսփոխաններու կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի պահպանման եւ թիւ 2790 բանաձեւի վերատեսութեան պահանջով նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ատնան Թրապուլսին, Քասեմ Հաշեմը, Միշէլ Մուսան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Ֆիրաս Համտանը, Նասեր Ժապերը, Նաժաթ Աուն- Սալիպան, Պիլալ Հշէյմին եւ Մըլհեմ Խալաֆը:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումի ընթացքին Սալամին ներկայացուց յուշագիրը, որուն մէջ կ՛ուրուագծուէին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2790 բանաձեւի վերատեսութեան իրաւական ու գործնական դրդապատճառները, մասնաւորաբար` ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացման մեքանիզմը եւ ժամկէտները` հաշուի առնելով վերջին զարգացումները, քաղաքական իրավիճակը եւ այդ քայլի իրականացումը խոչընդոտող մարտահրաւէրները:
Յուշագիրին մէջ կ՛ընդգծուի անհրաժեշտութիւնը խուսափելու հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային որեւէ բացէ, որ կրնայ սպառնալ կայունութեան ու բնակչութեան անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ պատասխանատուութեան իրական եւ անվտանգ փոխանցումը բացառապէս Լիբանանի զինեալ ուժերուն:
Սալամ իր կարգին երեսփոխաններուն ներկայացուց Նիւ Եորք իր այցելութեան ընթացքին ունեցած բանակցութիւններու մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագայ ներկայութեան առնչուած մարտահրաւէրները լուծելու եւ անոր հեռացման հետեւանքով յառաջացող բացը կանխարգիլելու ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը` հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանի պետութեան ու անոր օրինական հաստատութիւններուն դերը ամրապնդելու նպատակով:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի իշխանութիւններու եւ համապատասխան միջազգային մարմիններու հետ նախաձեռնութեան հետագայ քայլերու ծիրին մէջ` համաձայն եւ համակարգուած գործադիր իշխանութեան ջանքերու հետ` Լիբանանի գերիշխանութիւնը պահպանելու, Իսրայէլի բռնագրաւումը դադրեցնելու եւ լիբանանեան բանակին կարելիութիւն տալու տեղակայուելու եւ ստանձնելու իր պարտականութիւնները:


