Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց, որ Լիբանան յայտնուած է Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռանալէն առաջ Հըզպալլան զինաթափելու եւ Հըզպալլայի նախ եւ առաջ Իսրայէլի հեռացման պահանջներուն միջեւ: Մըթրի այս մասին յայտարարեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան ըսաւ, որ լիբանանեան պետութեան դիրքորոշումը այն է, որ ամբողջական հեռացումն ու զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելը միաժամանակեայ պահանջներ են, որոնցմէ ոչ մէկը միւսին նախապայման է:

Փոխվարչապետը աւելցուց, որ Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա բաւարար ճնշում չբանեցուց Իսրայէլի վրայ, որպէսզի իր ստանձնած յանձնառութիւնները գործադրէ, եւ կառավարութիւնը զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու թղթածրարին մէջ յառաջընթաց չարձանագրեց:

Մըթրի ըսաւ, որ Թուրքիան պատրաստ է Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ երկխօսութեան օգնելու, եւ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան եզրին կը գտնուի` նշելով, որ այդ մէկը արաբական եւ միջազգային օժանդակութիւններ ստանալու ճամբան կը հարթէ:

Ան Իսրայէլը ամբաստանեց բանակցութիւնները իր եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ Հըզպալլայի դէմ դաշինքի յայտարարման համար օգտագործելու փորձի մը` աւելցնելով, որ լիբանանցի բանագնացները այդ թակարդը չինկան եւ առաջարկուած թղթածրարներէն առաջ իսրայէլեան հեռացման վրայ պնդեցին:

Թրքական Դերակատարութեան Մասին

Անդրադառնալով Անգարայի դերակատարութեան` Մըթրի յայտնեց, որ Թուրքիան կը զօրակցի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու լիբանանեան դիրքորոշման, այդ նպատակի իրագործման համար Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ այդ առնչութեամբ օգնելու:

Անգարա լիբանանեան կողմին նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Իրանի հետ երկխօսութեան օգնելու, եթէ Լիբանան այդ մէկը ուզէ` աւելցնելով, որ այդ երկխօսութիւնը կրնայ օգնել Հըզպալլայի խնդիրի լուծման:

Մեկնաբանելով Իսրայէլի նկատմամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումը` Մըթրի այն կարծիքը յայտնեց, թէ Անգարան կ՛ուզէ իսրայէլեան ուժին հետ գտնել հաւասարակշռութիւն մը, որուն Լիբանանը կարիք ունի` նշելով, որ ատիկա Թուրքիոյ Իսրայէլի դէմ պատերազմի մէջ մտնելը չի նշանակեր:

 

 

Նախորդը

Ֆանարի Եւ Զհայթրիէի Միջեւ «Փապուղ»-ի Մը Գտնուեցաւ

Յաջորդը

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Ֆանարի Եւ Զհայթրիէի Միջեւ  «Փապուղ»-ի Մը Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Ֆանարի Եւ Զհայթրիէի Միջեւ «Փապուղ»-ի Մը Գտնուեցաւ

October 20, 2026
Մըքտատ. «Պետութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը  Կը Սասանի, Մարդիկ Առանձին Կը Ձգուին,  Եւ Կը Լսենք Նախարարական Դիրքորոշումներ,  Որոնք Սահմանադրութեան Համահունչ Չեն»
Լիբանանեան

Մըքտատ. «Լիբանանի Արդարադատական Ու Ապահովական Հարցերուն Ամերիկեան Միջամտութիւնը Լիբանանի Գերիշխանութեան Ու Ազգային Որոշումի Անկախութեան Խախտում Է»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.