. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» իմացած է, թէ այսօր ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստիի եւ քաթարեան թեքնիք խումբին միջեւ պիտի գումարուի վճռական ժողով մը` այդ թղթածրարին մէջ գործնական քայլերը ճշդելու եւ յառաջ ընթանալու յստակ մեքանիզմ մշակելու համար: Ըստ տեղեկութիւններուն, ժողովը պիտի գումարուի դռնփակ, եւ կը սպասուի, որ քաթարեան նախաձեռնութեան ճակատագիրն ու ապագան ճշդէ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն յաջողեցաւ Ֆլորիտայի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական բանակցային ժողովի թուականը հաստատել` խոչընդոտներէն անկախ, սակայն թուականի ճշդումը անպայման լիբանանեան զինուորական պատուիրակութեան ներկայացնել մտադրած պահանջներուն Իսրայէլի կողմէ դրական ընկալում չի նշանակեր, մանաւանդ այն պահանջներուն, որոնք կը վերաբերին փորձնական շրջանի ընդլայնման»:
. «ԱՍԱՍ»` մէջբերելով եւրոպական տեղեկութիւններ. «Հարիւրաւոր քաղաքայիններ եւ զինուորականներ պիտի մասնակցին եւրոպական առաքելութեան, որ սահմանափակուած է Լիթանի գետի հիւսիսով` առանց անկէ հարաւ որեւէ անցումի: Անոնց առաքելութիւնը խաղաղ է եւ ոչ մարտական, ինչ որ զանոնք որեւէ տեղական խումբի հետ ճակատումի մէջ չի դներ, եւ անոնց յարաբերութիւնները սահմանափակուած են պետական իշխանութիւններով ու անոնց զինուորական անձնակազմերով»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանին Միացեալ Նահանգներէն եւ արեւմտեան ու արաբական կողմերէն հասած պատգամներուն հասարակ յայտարարը Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ որեւէ հաւանական ճակատումի մը միջամտելէ «զգուշացում»-ն է, ինչպէս նաեւ զգուշացնելը, թէ իսրայէլեան հակադարձութիւնը կոշտ պիտի ըլլայ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ ժողովները ցոյց տուին, թէ Փարիզ Պէյրութին նման կը յուսայ, որ կ՛արձանագրուի զարգացում մը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգումը կ՛արտօնէ, սակայն որեւէ կարողութիւն չունի ազդելու: Կարեւորագոյնը այն է, որ Ֆրանսան Լիբանանի նման չյաջողեցաւ զօրակոչի ենթարկել միջազգային կամ արաբական բաւարար աջակցութիւն Միացեալ Նահանգներու վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անոնց դիրքորոշումը փոխելու համար»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Լաւատեղեակ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կտրուկ կերպով կը մերժեն Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը երկարաձգելու հարցը, մինչդեռ եւրոպական ջանքեր կը գործադրուին ստեղծելու համար նոր մեքանիզմ մը, որ Եւրոպական Միութեան կ՛արտօնէ այլընտրանքային դեր խաղալ միջազգային ուժերու առաքելութեան աւարտէն ետք: Այս ծիրին մէջ, լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն միջեւ ուղիղ կապ հաստատելու ամերիկեան պնդումը կը մեկնաբանուի իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք եկող փուլի նախապատրաստման մաս եւ ուժերու դուրսբերումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու հաւանականութիւնը նուազեցնելու միջոց»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ գոյութիւն ունի համակարգում ապահովական եւ արդարադատական գետնի վրայ այն քայլերուն շուրջ, որոնք պէտք է որդեգրուին պահպանելու համար ապահովութիւնն ու կայունութիւնը եւ երկրին մէջ ապահովական վտանգաւոր միջադէպերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է մերժէ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերը վերադարձնելու Հըզպալլայի պահանջը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Անցնող 48 ժամուան ընթացքին գումարուեցան շարք մը ժողովներ եւ կատարուեցան աշխուժ հաղորդակցութիւններ, որոնցմէ Հըզպալլայի մօտ գոյացաւ այն լուրջ տպաւորութիւնը, թէ գոյութիւն ունին ամերիկեան ու արաբական ջանքեր լիբանանեան իշխանութիւնը դէպի ճակատում մղելու` բաւարարելու համար ամերիկեան-սէուտական հոգատարութիւնը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան որոշեց լիբանանեան իշխանութեան հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ անցնիլ նոր փուլի` Տահր Պայտարի դէպքը նկատելով շրջադարձային կէտ Դիմադրութեան սահմանափակման մէջ, երբ վերջինս կը պատրաստուի Իսրայէլի հետ յառաջիկայ ճակատումին, որ թէժ պիտի ըլլայ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Ապահովական զեկուցումներ կը խօսին Լիթանի գետէն հարաւ եւ հիւսիս գտնուող տարածքներու մէջ, ներառեալ Իքլիմ Թուֆֆահի, Ժեզզինի եւ Արեւմտեան Պեքայի շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի անդամներու տեղաշարժերու մասին, որոնք հակառակ Իսրայէլի կողմէ իրականացուող հսկողութեան, կը գերազանցեն անվտանգութեան գաղտնիութեան սահմանները եւ հարցեր կը յառաջացնեն անոնց հետեւանքներուն եւ յառաջիկայ բախումի տեսակին վերաբերեալ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքէն շարք մը երեսփոխաններ կը պատրաստուին դատական տեղեկութիւններ ներկայացնելու թղթածրարներու մէջ, որոնք կը վերաբերին փտածութեան կասկածանքներու, եւ այդ տեղեկութիւններուն ու անոնց առնչուած թղթածրարներուն մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարեն շուտով կայանալիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Պաապտայի եւ Մեհրապի միջեւ լարուածութեան մակարդակը կը բարձրանայ, մանաւանդ լոյսին տակ տեղեկատուական ու քաղաքական ճնշումին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Ժահժահ կը բանեցնէ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի վրայ` այն պնդումով, թէ «իշխանութեան վարմունքին մէջ գոյութիւն ունին բացեր, զորս պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ սրբագրել», եւ բանակի հրամանատարը բացայայտ կերպով ամբաստանելով «սահմանադրութեան կէտերու վտանգաւոր» խախտման մէջ»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «հանրապետութեան նախագահը չընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կառավարութեան նիստէն հեռանալու քայլը, որ Քաթարի վարչապետին ժամանումէն ժամեր առաջ «ցուցադրական քայլ»-ի նմանեցաւ, եւ զայն նկատեց կառավարութեան ու նախագահութեան ուղղուած շատ ժխտական պատգամ մը»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան եւ արեւմտեան որոշում կայացնող շրջանակներու Լիբանանի պետութեան հետ գործակցութեան ուշադիր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հարցը կը շօշափէ յաջորդ փուլին ամերիկեան մօտեցման էութիւնը, մասնաւորաբար` պետութեան զէնքի մենաշնորհի, պայթուցիկ նիւթերու տեղափոխման համար պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու եւ զինուորական հաղորդակցութեան մեքանիզմները սահմաններու վերաբերեալ»:


