Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 23, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայք. «Այն պահուն, երբ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի հետ կռիւի վերսկսման կարելիութեան կը պատրաստուի, Հըզպալլան Պէյրութի մէջ իր ուժերը կը վերականգնէ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի թղթածրարին վերաբերեալ լուրերը լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր. այդ ուժերուն մնալը կամ այլընտրանքային ուժերու լիազօրումը երաշխաւորող տարազի մը կամ շրջագիծի մը ձեւաւորման կարելիութիւնը կը բախի ամերիկեան կանխող վեթոյի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ այդ ուժերու աշխատանքի շարունակման կտրուկ մերժումի»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հիմնական խնդիրը գերիշխանութեան հասկացողութեան ճշդման մէջ է, որովհետեւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը փորձէ պետութեան իր հողերուն վրայ իշխանութեան Իսրայէլէն վերատիրանալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ անկէ կը պահանջուի պետութեան Հըզպալլան զինաթափելու եւ անոր զինուորական կառոյցը կազմաքանդելու կարողութիւնը ապացուցել»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի նախարարաց խորհուրդին մէջ որեւէ մագլցում վերահսկողութեան տակ առնելու փորձերը շարունակուեցան մինչեւ երէկ գիշերուան ուշ ժամերը, որովհետեւ պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը Արդարադատութեան պալատին փոխանցելու առաջարկը Հըզպալլայի ընդդիմութիւնը յառաջացուց, ինչ որ պահանջեց Այն Թինէի, վարչապետարանին եւ Պաապտայի պալատին միջեւ հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին Պըրրին փորձեց յետաձգել առաջարկը, սակայն Սալամ զայն չյետաձգելուն կառչած մնաց»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Այսօրուան նիստին նախորդող ժամերը ականատես դարձան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ աշխուժ հաղորդակցութիւններու` որոնելու համար ելք մը, որ անոնց կ՛արտօնէ չաճապարել Տահր Պայտարի եւ Պաալպեք-Հերմել շրջանի Քասր շրջանին մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու գործին անդրադառնալու, որպէսզի խուսափին թղթածրարին քաղաքական բաց ճակատումի վերածուելէն»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Տակաւին (պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը Արդարադատութեան պալատին փոխանցելու) թղթածրարի կարգաւորումը կը հետապնդուի այն հաւանականութեամբ, որ կրնայ պայթուցիկ նիւթերու կէտը վերցուիլ կառավարութեան նիստի օրակարգէն` նկատի ունենալով, որ անիկա հրատապ թղթածրարներու շարքին մէջ չէ, եւ անոր քննարկումը կրնայ հետագայ փուլի յետաձգուիլ` սպասելով ընթացող հետաքննութիւններու աւարտին»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Եթէ (պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը Արդարադատութեան պալատին փոխանցելու) նիւթը իրողապէս առաջարկուի, տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւնները կը ճշդենք: Չենք ուզեր հարցերը կանխել եւ այժմէն մեկնաբանել, թէ այդ հարցը ինչպէ՛ս պիտի անցնի կամ ի՛նչ ձեւով պիտի լուծուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան միջեւ ամբողջական համաձայնութիւն գոյութիւն ունի` արտաքին շիկացած մթնոլորտի պայմաններուն մէջ երկիրը քաոսի չմատնելու եւ պահպանելու ներքին կայունութիւնը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Տարակարծութիւնը լիբանանեան բանակի գործելաոճին եւ ապահովական ստուգման մեքանիզմի շուրջ է: Իսրայէլ պահանջեց ուղղակի կերպով լիբանանեան բանակին հետ գործողութիւններու գրասենեակ ստեղծել` փորձնական երկու շրջաններուն մէջ իրավիճակի ստուգման համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թամփայի թեքնիք բանակցութիւններուն արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, անոնք քաղաքական մակարդակին պիտի ներկայացուին, եւ կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուողը ճշգրիտ չէ, կան բաներ, որոնք բացարձակապէս սխալ են, եւ համատեղ գործողութիւններու սենեակի կազմութիւնը բացառուած է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի խօսքը ուղղակի պատասխան էր Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի խօսքին, որ քննադատած էր օրէնքներու խոչընդոտման մէջ իր դերակատարութիւնը»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Բարձրագոյն իշխանութիւններուն խնդրանքով լիաժամ պաշտօնատարներու թեկնածութիւններուն համար առաջադրուած դասախօսներու թղթածրարին մէջ կատարուեցան լրացումներ` ստեղծելու համար այն, ինչ որ կարելի էր նկատել համայնքային «հաւասարակշռութիւն», առանց հաշուի առնելու սահմանուած վարչական եւ ակադեմական ընթացակարգերը»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժորժ Ատուան «Մուտուն»-ին. «Անհրաժեշտ է բոլոր հարցերուն շուրջ եւ ոչ միայն զէնքի հարցին մէջ լիբանանցի ժողովուրդին կամքը գործի վերածել: Ներկայ իրավիճակի շարունակումը պիտի յանգեցնէ իրավիճակի հետագայ վատթարացման, մինչ լիբանանցի ժողովուրդը պիտի վճարէ անկայունութեան գինը: Քուէարկողներուն իրենց ընտրութիւնը արտայայտելու կարելիութիւն տալը կրնայ ճամբան հարթել դէպի այլ քաղաքական փուլ անցում կատարելու»:

Նախորդը

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններէն Առաջ. ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.