Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ այցելեց Տոհա, ուր յայտարարեց. «Պիտի քննարկենք աջակցութեան տրամադրումը լիբանանեան բանակին, որ միջազգային ուժերու աջակցութիւնը կը վայելէ, եւ կը ցաւինք ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան վերջ տրուելուն համար»:
«Աշխատանք կը տանինք Լիբանանի մէջ հանգստութեան ու կայունութեան վերականգնման համար եւ լիբանանեան բանակին կ՛աջակցինք», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
«Անհրաժեշտ է զինաթափել Հըզպալլան, եւ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Հարաւային Լիբանանէն», շեշտեց Մաքրոն:
«Բոլոր կողմերուն հետ բանակցութիւններ կը վարենք շրջանին մէջ մագլցումը նուազեցնելու համար», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Մաքրոն Ֆրանսայի մէջ ցոյցերու պատճառով ստեղծուած կացութեան անդրադառնալով յայտնեց. «Շարք մը քաղաքներու մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատուեցաւ, եւ պիտի արգիլենք որեւէ անհատի, որ անկարգութեան պատճառ դառնայ, եւ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք շաբաթ օր ցոյցերու ընթացքին անկարգութիւնները արգիլելու համար»:
«Պէտք է շարք մը քաղաքներու մէջ արհեստակցական սենտիքաներուն հետ քննարկում կատարել` անկարգութիւններու արձանագրումը կանխարգիլելու համար», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
Մաքրոն նաեւ յայտարարեց Քաթարէն որոշ քանակութեամբ հեղուկ կազ ստանալու մասին:


