Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Երկրի կայունութիւնն ու պաշտպանութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է»:
Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու ամէն բան, որ լարուածութիւնը կ՛աւելցնէ եւ ներքին պառակտումը կը խորացնէ»:
Անդրադառնալով համայնքային բնոյթ կրող լարուածութեան երեւոյթներուն` Պըրրի հարց տուաւ. «Կարելի՞ է ընդունիլ, որ հարցերը հասնին հոն, որ լիբանանցիի մը համայնքային պատկանելիութեան մը պատճառով արգիլուի լիբանանեան շրջանի մը մէջ կալուած գնել»:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ խորհրդարանը հաւանութիւն պիտի չտայ 1955 թուականին որդեգրուած Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկելու օրէնքի ջնջման:
Պատասխանելով այդ առնչութեամբ ճնշումներուն եւ երեսփոխանական ջանքերուն մասին «Ախպար»-ի հարցումին` Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հարցերը առանց վերահսկողութեան ձգուած չեն: «Կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ հարցերը վերահսկողութենէ դուրս եկած են եւ երկիրը վերահսկողութենէ դուրս եկած է», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ հեգնանքով յայտարարեց. «Անհամբեր կը սպասեմ, որ մէկը այդ առնչութեամբ օրինագիծ մը ներկայացնէ»:


