Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ շաբաթ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնները` շեշտելով, որ Ֆրանսան Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ կը շարունակէ, եւրոպացի գործընկերներու հետ գործակցաբար, անոր բոլոր ոլորտներուն մէջ աջակցութիւն տրամադրել:

«Անհրաժեշտ է ստեղծել միջազգային նոր կառոյց մը` Լիբանանի գերիշխանութեան սատարելու, բանակի տեղակայման նպաստելու եւ խուսափելու անվտանգութեան բացի յառաջացումէն, որ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Ան նաեւ մատնանշեց «երկրի յառաջընթացին համար անհրաժեշտ էական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ յառաջ շարժելու կարեւորութիւնը եւ Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` զօրաշարժի ենթարկելու իր ներուժը եւ արձագանգելու Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հրատապ մարդասիրական կարիքներուն»:

Հանրապետութեան նախագահը իր հիւրին յայտնեց, որ լիբանանեան զինուորական պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին պիտի մասնակցի Թամփայի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ ժողովին:

«Լիբանանը կ՛ուզէ երկարաձգել միջազգային ուժերու լիազօրութիւնը կամ իրենց անվտանգութեան առաքելութեան շարունակումը 2027 թուականի ընթացքին, երբ անոնք դուրս պիտի գան, եւ կ՛ողջունէ, եթէ այդ մէկը կարելի չէ, որեւէ ձեւաչափ, որ կ՛երաշխաւորէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութիւնը, կը կանխարգիլէ բացը եւ լիբանանեան բանակը կը դնէ բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իսրայէլեան բանակի դէմ ճակատի վրայ», նշեց նախագահը:

Աուն ողջունեց «ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ֆրանսական որեւէ ջանք` հասնելու որեւէ բացի ստեղծումը կանխարգիլելու լիբանանեան փափաքի հետ համահունչ տարազի»:

Պարրօ կիրակի օր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ անոր յայտնեց. «Լիբանանի պետութիւնը, նաեւ բոլոր լիբանանցիները միասնակամ են եւ կառչած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու մնալու անհրաժեշտութեան»:

«Լիբանանցիները յոյս կը դնեն Ֆրանսայի, Եւրոպայի, միջազգային ընտանիքի եւ շրջանային դերակատարութեան վրայ` կանխարգիլելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան աւարտին հետեւանքով յառաջանալիք բացը», նշեց Պըրրի:

Նախորդը

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

RelatedPosts

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.